Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու շաբաթ օր յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատուին հետ համաձայնութիւն գոյացուցի քիւրտ զինեալներուն զէնքի մատակարարման դադրեցման շուրջ»:
«Ուաշինկթըն պէտք է շօշափելի քայլեր որդեգրէ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն աջակցութիւնը դադրեցնելու ու անմիջապէս հեռանալու սուրիական Մընպեժէն եւ ոչ թէ խօսքով բաւարարուի», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Թուրքիոյ նախագահութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ, հեռաձայնային բարձրաստիճան հաղորդակցութեան մը ընթացքին, Թուրքիոյ վստահեցուցած են, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն զէնք պիտի չմատակարարեն:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Ահաբեկչական ՔԱԿ կազմակերպութեան դէմ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը պիտի ներառէ Մընպեժ քաղաքը, եւ ահաբեկիչները շատ սուղ գին պիտի վճարեն թրքական սահմաններուն դէմ իրենց յարձակումներուն համար»:
«Թրքական պետութիւնը խիստ է անիրաւներուն նկատմամբ եւ գթառատ անիրաւուածներուն նկատմամբ», նշեց ան:
Էրտողան նաեւ յայտնեց, թէ Թուրքիա աշխատանք կը տանի ազատելու «ահաբեկիչներուն» կողմէ գերեվարուած թուրք զինուոր մը` զինք փոխանակելով թրքական ուժերուն կողմէ գերեվարուած «ահաբեկիչներու» հետ:
http://www.aztagdaily.com/archives/381175
Leave a Reply