Ինչպէս նախապէս նշած էինք, վաղը Սուրբ Սարգիս է եւ Այնճարի աւանդոյթին համաձայն կը պատրաստուի յատուկ կարկանդակ` ՔՈՒՄՊԱ:
Քումպայի պատրաստման համար անհրաժեշտ է`
2 գաւաթ գաղջ կաթ
2 գաւաթ շաքար
1 գաւաթ ձէթ
1 գաւաթ հալած կարագ
3 թէյի դգալ B.P.
1 գաւաթ մանրուած ընկոյզ
1 գաւաթ չամիչ
1 թէյի դգալ փոշի կասիա
1 թէյի դգալ մեխակ
1 թէյի դգալ մահլապ
1 թէյի դգալ շումրայ
1 գաւաթ խանձուած շուշմայ
1 գաւաթ մանրուած նուշ
4 գաւաթ ալիւր
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Խորունկ ամանի մը մէջ դնել գաղջ կաթը, շաքարը, ձէթը, հալած կարագը, B.P.-ը, ընկոյզը, չամիչն ու մնացեալ համեմունքները:
Տապակին մէջ խարկել շուշման եւ աւելցնել վերոյիշեալ բաղադրութեան վրայ: Աւելցնել ալիւրը քիչ-քիչ, այնուհետեւ շաղել մինչեւ ստացուի ոչ փափուկ խմոր մը:
Խմորը տարածել իւղոտուած ափսէի մը մէջ, բաժնել տան անդամներու չափով, բաժիններէն մէկուն մէջ զետեղել տարուան բախտաւորը ընտրելու փոքրիկ նշանը, այնուհետեւ վրան ծածկել ընկոյզով, նուշով եւ շուշմայով:
Եփել մեղմ տաքութեամբ փուռի մէջ, մօտ մէկուկէս ժամ:
ԲԱՐԻ ԱԽՈՐԺԱԿ
“Որքան աւելի շատ ՍԷՐ, իմաստութիւն, գեղեցկութիւն, բարութիւն թաքցնէք ձեր մեջ, այնքան աւելի շատ կը նկատէք զանոնք ձեզ շրջապատող աշխարհին մէջ”:
Մայր Թերեզա
http://www.yerakouyn.com/?p=17448
Leave a Reply