Աֆրինի գիւղերուն դէմ օդային բուռն հարուածներ. Էրտողան. «Գործողութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Ամերիկայի աջակցութիւնը վայելող վերջին ահաբեկիչին մաքրագործումը»

•

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ թրքական ռմբաձիգներ երէկ յարձակում գործած են Աֆրինի շրջակայքը գտնուող տասնեակներով գիւղերու դէմ եւ պատճառ դարձած քաղաքայիններու շարքերուն մէջ յաւելեալ զոհերու: Ըստ շրջանի բնակիչներուն, ներկայիս անոնք ինքնապաշտպանութենէն պիտի անցնին յարձակումի:

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտարարեցին, որ Աֆրինի հարաւ-արեւելքը գտնուող Տէյր Սմաանի մօտ սպաննած են 8 թուրք զինուորներ, իսկ թրքական ուժերը յայտարարեցին, որ սպաննած են 8 քիւրտ զինեալներ:

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ղեկավարներէն Ռիտոր Խալիլ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ քիւրտ զինեալներու կողքին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուած ամերիկացիներ, բրիտանացիներ եւ գերմանացիներ միացած են Աֆրինի մէջ թրքական բանակին դէմ կռիւներուն:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը յաջողութեամբ կը շարունակուի` նշելով, որ թրքական ուժերն ու Սուրիական ազատ բանակի խմբաւորումները քայլ առ քայլ կը գրաւեն Աֆրինը: Ան աւելցուց, որ թրքական բանակի գործողութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը վայելող վերջին «ահաբեկիչին» մաքրագործումը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց, որ ՄԱԿ-ը «մտահոգ» է Աֆրինի մէջ թրքական բանակի գործողութիւններով` Թուրքիան զգուշացնելով քաղաքայինները թիրախ դարձնելէ:

Ան նշեց, որ քաղաքային զոհեր արձանագրուած են եւ շուրջ 6 հազար անձեր տեղահանուած:

http://www.aztagdaily.com/archives/380691

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ