Կարպիս Զաքարեան՝ առաջին արհեստավարժ բռնցկամարտիկը Թուրքիոյ մէջ

Արհեստավարժ բռնցքամարտի մարզաձեւին մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը առաջին անգամ ներկայացուցած է ազգութեամբ հայ Կարպիս Զաքարեանը: 1930ին, Պոլսոյ հայկական Շիշլի թաղամասին մէջ ծնած հայ բռնցքամարտիկը Թուրքիոյ մէջ յայտնի է «Երկաթէ բռունցք» ծածկանունով, կը տեղեկացնէ «Փանարմինիըն»ը:

Զաքարեան ստիպուած եղած է 5րդ դասարանէն ձգելու դպրոցը եւ աշխատելու նամակատար՝ ծնողներուն օգնելու համար:

Հայ բռնցքամարտիկի ասպարէզը սկսած է 14 տարեկանին: 1948ին ան դարձած է Թուրքիոյ ախոյեան 48 քկ. դասակարգին մէջ, իսկ 1951ին՝ երկրի առաջին արհեստավարժ բռնցքամարտիկը:

Իր մարզական ասպարէզին ընթացքին աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ Կարպիսը մասնակցած է 206 սիրողական եւ 50 արհեստավարժ բռնցքամարտի մրցաշարքերու, տօնած է 226 յաղթանակ, ունեցած է միայն երկու նոքաութ:

1960ականներու վերջաւորութեան, միջազգային մարմնամարզութեան մէջ Թուրքիոյ փառք բերած Զաքարեան սկսած է աշխատիլ իբրեւ մարզիչ:

88ամեայ բռնցքամարտիկը այժմ իր կնոջ հետ կ՛ապրի Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ: Անոր մարզական եւ անձնական կեանքին մասին պոլսահայ գրող Արամ Քուրան եւ թուրք գրող Էրտեն Աքթողու գիրք մը համահեղինակած են՝ Պոլսոյ Երեք խորան եկեղեցւոյ հիմնադրամին աջակցութեամբ:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ