Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Human Rights Watch հեղինակաւոր եւ հանրաճանաչ հասարակական կազմակերպութիւնը անցեալ շաբաթ հրապարակեց իր տարեկան զեկոյցը, որ արձանագրած է մարդու իրաւունքներու խախտումները 2017 թուականի ընթացքին աւելի քան 90 երկիրներու մէջ, ներառեալ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Ստորեւ համառօտ ներկայացուած է Human Rights Watch-ի զեկոյցէն` Հայաստանի մէջ 2017 թուականի ընթացքին տեղի ունեցած խախտումներուն մասին.
«Խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք առաջինն էին 2015-ի սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք, որով նախագահականէն անցում կատարուեցաւ կառավարման խորհրդարանական համակարգի, չկրցան բարելաւել հանրութեան վստահութիւնը ընտրական համակարգի նկատմամբ: Իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը հաւաքեց ձայներու մեծամասնութիւնը` խախտումներու մասին զեկոյցներու ֆոնին: Իշխանութիւնները չկրցան պատասխանատւութեան ենթարկել ցուցարարներու եւ լրագրողներու նկատմամբ բռնութիւն կիրառած պաշտօնեաները, ներառեալ`2016-ի Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցերու ժամանակ: Դատավարութիւնը 32 անձերու նկատմամբ, որոնք կը մեղադրուէին Երեւանի մէջ ոստիկանական բաժանմունքի բռնի ուժով գրաւման մէջ, զեկոյցը գրելու պահուն դեռ կը շարունակուէր: Չորս ամբաստանեալներ յայտնած էին ազատազրկման վայրի մէջ իրենց նկատմամբ վատ վերաբերմունքի մասին»:
Ատրպէյճան
Ստորեւ համառօտ ներկայացուած է Human Rights Watch-ի զեկոյցէն` Ատրպէյճանի մէջ 2017-ի ընթացքին տեղի ունեցած խախտումներու մասին.
«2017-ին կառավարութիւնը աւելի ուժեղացուցած է պայքարը քննադատողներու դէմ: Դատարանները առնուազն 25 լրագրողներ, քաղաքական եւ երիտասարդ գործիչներ դատապարտած են երկարատեւ ազատազրկման քաղաքական դրդապատճառներով, անարդար դատավարութիւններով: Տասնեակներով մարդիկ ձերբակալուած կամ քրէական հետապնդման ենթարկուած են, ինչպէս նաեւ կ՛ենթարկուին հետապնդումներու եւ ճամբորդական արգելքներու, կամ փախած են երկրէն: Անմարդկային օրէնքներն ու կանոնակարգերը կը խոչընդոտեն անկախ խումբերու աշխատանքը եւ ֆինանսաւորման ապահովումը: Խոշտանգումներն ու վատ վերաբերմունքը բանտերու մէջ կը շարունակուին: Բռնութեան արշաւի տասնեակ արուամոլ տղամարդիկ եւ սեռափոխուած կանայք ձերբակալուած են եւ վատ վերաբերմունքի արժանացած ոստիկանութեան կողմէ: «Արդիւնահանող ընկերութիւններու թափանցիկութեան նախաձեռնութիւն» (EITI) միջազգային դաշինքը, որ աղբիւրներով հարուստ երկիրներու մէջ կը խթանէ աւելի լաւ կառավարումը, երկար տարիներու ստուգումներէ եւ քանի մը նախազգուշացումներէ ետք, կախակայեց Ատրպէյճանը` քաղաքացիական հասարակութեան խումբերու սահմանափակումները չվերացնելու համար:
Human Rights Watch-ը նաեւ ներկայացուցած է հետեւեալ մանրամասնութինները Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու վերաբերեալ.
— «18 ակտիւիստներ բանտարկուած են կամ կը սպասեն դատավարութեան` քրէական պատասխանատւութեան քաղաքական դրդապատճառներով»:
— «7 լրագրողներ եւ պլոկըրներ բանտարկուած են կամ կը սպասեն դատավարութեան` քրէական պատասխանատւութեան քաղաքական դրդապատճառներով»:
— «11 անգամ Եւրոպայի խորհուրդը կոչ ըրած է Ատրպէյճանին ազատ արձակելու ընդդիմութեան առաջնորդ Իլկար Մամետովը»:
— «5 խոշոր լրատուամիջոցներ Ատրպէյճանի կողմէ միշտապէս արգելափակուած են «ազգային անվտանգութեան» պատրուակով»:
— ««Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը 180 երկիրներու մէջ Ատրպէյճանը դասակարգած է 162-րդը` մամուլի ազատութեան համար»:
–«11 ակտիւիստներու, որոնց մէջ` լրագրողներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու առաջնորդներու, արգիլուած է հեռանալ Ատրպէյճանէն»:
ԹՈՒՐՔԻԱ
Ստորեւ համառօտ ներկայացուած է Human Rights Watch-ի զեկոյցէն` Թուրքիոյ մէջ 2017-ի ընթացքին տեղի ունեցած խախտումներու մասին.
«2017-ի Ապրիլի հանրաքուէն, որ ընտրողներու կողմէ հաւանութեան արժանացաւ չնչին առաւելութեամբ, սահմանադրական փոփոխութիւններ մտցուց, որմով Թուրքիան անցում կատարեց կառավարման նախագահական համակարգի, որ տասնամեակներու ընթացքին անոր քաղաքական հաստատութիւններու համար ամենակարեւոր փոփոխութիւնն էր: Հանրաքուէն տեղի ունեցաւ արտակարգ իրավիճակի մէջ, որ հաստատուած էր 2016-ի Յուլիս 15-ի պետական յեղաշրջման փորձէն ետք, եւ լրատուամիջոցներու խիստ գրաքննութեան պայմաններու մէջ, երբ բազմաթիւ լրագրողներ եւ քրտամէտ ընդդիմութենէն խորհրդարանականներ բանտ էին: Նոր նախագահական համակարգը, որ կ՛ամրապնդէ գործող նախագահին իշխանութիւնը, յետընթաց է մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան համար: Ան բաւարար ստուգումներ եւ հակակշիռներ չունի գործադիր իշխանութեան չարաշահումներուն դէմ, մեծապէս կը նուազեցնէ խորհրդարանի լիազօրութիւնները եւ կ՛ամրապնդէ նախագահական վերահսկողութիւնը դատական նշանակումներու մեծ մասի վրայ: Նախագահական համակարգը ամբողջովին ուժի մէջ պիտի մտնէ 2019-ի ընտրութիւններէն ետք»:
Ստորեւ կարճ հատուածներ բերուած են Human Rights Watch-ի զեկոյցէն, որոնք մանրամասն տեղեկութիւններ կու տան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խախտումներու վերաբերեալ.
«Պետական պաշտօնեաները կը շարունակեն ազատուիլ կամ անոնց գործունէութիւնը կը դադրեցուի հրամանագիրով, առանց պատշաճ դատաքննութեան, 2016-ի Յուլիսէն ի վեր աւելի քան 110 հազար պաշտօնազրկուածներ կան: 2017-ին հարիւրաւոր լրատուամիջոցներ, միութիւններ, հիմնադրամներ, մասնաւոր հիւանդանոցներ եւ կրթական հաստատութիւններ փակուեցան կառավարութեան հրամանով, անոնց ունեցուածքները բռնագրաւուեցան առանց փոխհատուցման…. Տուժածները իրաւունք չունին աշխատելու պետական ծառայութեան մէջ, անոնց դրամատնային հաշիւները սառեցուած են, անձնագիրները առգրաւուած»:
Բացի այդ, «կը շարունակուին ձերբակալել մարդիկ, դատապարտել եւ դատէն առաջ կալանքի տակ պահել ահաբեկչութեան մեղադրանքով. առնուազն 50 հազար մարդ նախքան դատը կալանքի տակ է, իսկ շատերը կը հետապնդուին յեղաշրջման փորձէն ետք: Հետապնդուածներու մէջ են լրագրողներ, քաղաքացիական ծառայողներ, ուսուցիչներ, քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաեւ զինուորականներ…. Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ 500 փաստաբաններ բանտարկուած են դատէն առաջ, իսկ աւելի քան հազարը կը հետապնդուին»:
Զեկոյցին մէջ նաեւ կը նշուի, որ «Թուրքիան համաշխարհային առաջատար է լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու աշխատակիցներու բանտարկութեամբ, քանի որ անոնք քրէական հետապնդումներու եւ դատավարութիւններու առջեւ կանգնած են, ի դէպ գրեթէ 150-ը ճաղերու ետեւ էր զեկոյցը գրելու պահուն: Թերթերու եւ հեռուստաալիքներու մեծ մասը անկախութիւն չունի եւ կ՛աջակցի կառավարութեան քաղաքական գիծին»:
Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համեմատութեամբ, Հայաստանը ունէր նուազագոյն թիւով մարդու իրաւունքներու խախտումներ: Աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու ամենախոշոր ոտնահարողներէն մէկը Թուրքիան է, Ատրպէյճանը կը զբաղեցնէ երկրորդ տեղը: Այնուամենայնիւ, հայերու մեծ մասը կը նախընտրէ, որ իրենց հայրենիքը որքան հնարաւոր է ըլլայ ժողովրդավարական երկիր, անկախ անկէ, թէ որքան ոչ ժողովրդավարական են անոր հարեւան երկիրները:
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆը
http://www.yerakouyn.com/?p=147270
Leave a Reply