Արամ արք. Աթէշեան չորեքշաբթի, յունուար 17ին, իչեն հետ ունենալով ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզը՝ մեկնեցաւ Տիգրանակերտ, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը տեսակցելու համար քաղաքի կուսակալ Պասրի Կիւզելօղլուի հետ, կը հաղորդէ “Մարմարա”-ն։
Այցելութեան նպատակն էր քննարկել Չիւնկիւշ գաւառի 19-րդ դարու Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ վերակառուցման հարցը։
Սրբազանը եւ ճարտարապետը նախ այցելեցին քաղաքի հիմնարկներու (վագըֆ) տնօրէն Մեթին Էվսենին, նոյն եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար, ապա երեքով ու եկեղեցւոյ նորոգութեան յատակագիծի հեղինակ, ճարտարապետ Ալի Նոզօղլուի հետ միասին այցելեցին կուսակալին։
Սրբազանը կուսակալին նկատողութեան յանձնեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ վերակառուցման ծրագիրը, որուն յատակագիծը արդէն վաւերացուած եւ ծախսը վճարուած էր կուսակալութեան կողմէ։ Ան ու ընկերակիցները խնդրանք ներկայացուցին, որ վերակառուցման ծախսը ստանձնէ կուսակալութիւնը կամ քաղաքապետարանը։
Կուսակալ Կիւզելօղլու խոստացաւ նախ ուսումնասիրել հարցը, ապա պէտք եղած կարգադրութիւնները ընել այդ ուղղութեամբ։
Յաջորդ օրը, Արամ սրբազանը եւ Էօզգարակէօզ մեկնեցան Չիւնկիւշ, տեղւոյն վրայ տեսնելու ու քննելու համար եկեղեցւոյ վիճակը։ Անոնք հիւրասիրուեցան տեղւոյն քաղաքապետին կողմէ, իսկ նոյն գիշերը վերադարձան Պոլիս։
http://www.yerakouyn.com/?p=147124
Leave a Reply