Փայլանի հայերէն խօսքերը խորհրդարանի արձանագրութիւններուն մէջ «X» նշանը կրած են


Տինքը
իր ամբողջ կեանքի ընթացքին պաշտպանեց խաղաղութեան եւ արդարութեան մէջ միասին ապրելու կամքը: Սակայն, դժբախտաբար, ասկէ ճիշդ 11 տարի առաջ սպաննուեցաւ պետութեան հետ առնչութիւն ունեցող կազմակերպութեան կողմէ: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իր ելոյթը այս խօսքերով սկսած է Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան:

«Յանցագործութենէն շուրջ երեք տարի առաջ իր պարբերականին մէջ Տինք հարապարակեց տեղեկութիւն այն մասին, թէ Սապիհա Կէօքչենը` Աթաթուրքի որդեգիր զաւակը, հայ որբ է: Թուրքիոյ մէջ անձի մը հայ ըլլալուն մասին պնդումը անմիջապէս ընդունուեցաւ իբրեւ մեծ յանցանք: Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտը հայ ըլլալու մասին այդ պնդումը յանցագործութիւն նկատեց: Սպայակոյտը յատուկ յայտարարութեամբ թիրախաւորեց Հրանդ Տինքը, յայտարարուեցաւ, թէ ան «կը վիրաւորէ թրքականութիւնը»: Ի հարկէ, ասոր որոշակի զարգացումներ յաջորդեցին»,-նշած է երեսփոխանը:

Փայլան յիշեցուցած է, որ նոյնիսկ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանները եւ ներկայացուցիչները չխորշեցան Տինքը թիրախաւորող յայտարարութիւններէն: Օրինակ, այն ժամանակուան արդարադատութեան նախարարը Հրանդ Տինքի համար յայտարարած էր. «Թիկունքէն մեզ կը դաշունահարեն»: Նմանօրինակ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ այն ժամանակ երեսփոխան Ճեմիլ Չիչեք: «Այդպիսի դէպքերու մէջ Տինք նոյնիսկ կանչուեցաւ Պոլսոյ նահանգապետարան, ուր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները անոր սպառնացին` ըսելով. «Չափդ գիտցի՛ր»: Եւ այդ ամբողջ ընթացքին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութեան ղեկին էր եւ կը հետեւէր կատարուող իրադարձութիւններուն: Եւ այս բոլորին պատճառով` ամբողջ պետութեան մը հետախուզական մարմիններու տեղեկացուածութեան պայմաններուն մէջ, անոնց աչքին առջեւ Տինքը սպաննուեցաւ»,- ընդգծած է Փայլան:

Ան նաեւ նշած է, որ թէեւ բազմիցս իրենք երկրին իշխանութիւնները յորդորած են հետամուտ ըլլալ յանցագործութեան բացայայտման գործին մէջ, սակայն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը փոխարէնը յանցագործութեան մէջ մեղաւոր բոլոր գործիչներուն պաշտօնները բարձրացուց` դարձուց նախարար, նահանգապետ, հետախուզական վարչութեան ղեկավար: Փայլանի համոզումով` այս անհետեւողականութիւնն է պատճառը, որ երկրին մէջ կը շարունակուին յանցագործութիւնները, հասարակութեան տարբեր հատուածներ մէկը միւսին դէմ դուրս կու գան, յեղաշրջման փորձեր տեղի կ՛ունենան:

«Յարգելի՛ գործընկերներ, տակաւին շատ չենք ուշացած: Գիտեմ, որ հիմա ոտքի պիտի կանգնիք եւ ըսէք` գործին մէջ ներգրաւուած երկու կիւլենական կայ, անոնք են մեղաւորները: Սակայն ո՛չ, միայն կիւլենականները չեն, այստեղ ամբողջ պետութեան հաւաքական պատասխանատուութիւնը կայ: Յիշեցէ՛ք, որեւէ անպատիժ յանցագործութիւն նոր յանցանքի պատճառ կը դառնայ: Մի՛ մոռնաք, յանցագործները թաքցնողները եւս մեղսակից են»,- յայտարարած է Փայլան:

Ան նշած է, որ իրենք` Տինքի ընկերները պիտի շարունակեն արդարութեան հասնելու իրենց պայքարը: Խօսքի վերջաւորութեան դիմելով Հրանդ Տինքին, ան հայերէնով ըսած է. «Աստուած հոգիդ լուսաւորէ: Շատ ապրիս, Հրանդ»:

Ուշագրաւ է, որ խորհրդարանի արձանագրութիւններուն մէջ Փայլանի կողմէ արտասանուած հայերէն խօսքերուն վրայ «x» նշան դրուած է:

http://www.yerakouyn.com/?p=147033

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ