Այսօր կը լրանայ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 11-րդ տարելիցը: Այդ առիթով, ինչպէս ամէն տարի, այսօր բազմաթիւ ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Պոլսոյ մէջ:
Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը այս տարի նոյնպէս պիտի այցելէ Տինքի սպանութեան վայրը` «Ակօս» թերթի նախկին շէնքին դիմաց:
Համացանցի վրայ հրապարակուած է նաեւ ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղադրած եռալեզու պաստառը, որուն վրայ գրուած է նաեւ հայերէն` «Քեզի պիտի չմոռնանք» գրութիւնը: Պաստառը տեղադրուած է Տինքի սպանութեան վայրը:
http://www.aztagdaily.com/archives/379915
Leave a Reply