Ֆրանսայի հայ համայնքը դարձեալ օրակարգի վրայ պիտի հանէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու հարցը


Ֆրանսայի
հայ համայնքը, այս տարի, դարձեալ օրակարգի վրայ պիտի հանէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու հարցը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան:

«Աշխոյժ կերպով կ՝աշխատինք իրաւաբաններու հետ: Անպայման լուծում պիտի գտնենք հարցը կրկին օրակարգ բերելու համար: Ասիկա միայն Հայ Դատի խնդիր չէ, Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները իրենց ջանքերը կ՝ուղղեն այս գործին»,- ըսած է Յարութ Մարտիրոսեան:

Տարուան ընթացքին Ֆրանսայի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ հայկական հարցերու հետ կապուած աշխատանքը: Յարութ Մարտիրոսեան նշած է, որ այս տարի շատ ընելիք կայ խորհրդարանական դաշտի վրայ:

«Ընտրութիւններէն ետք խորհրդարանի պատգամաւորներուն մեծ մասը փոխուած է եւ բոլորը չեն, որ բաւական լաւ տեղեկացուած են հայկական հարցերուն վերաբերեալ: Հետեւաբար, մենք պէտք է աշխոյժ աշխատանք տանինք պատգամաւորներու հետ»,- ըսած է ան:

Այս տարի կը նախատեսուի կազմակերպել Ֆրանսայի քաղաքական, հասարակական գործիչներու այցը Հայաստան, Արցախ: Յարութ Մարտիրոսեան նշած է, որ լաւ առիթ է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեայ յոբելեանը:

«Կը նախատեսենք մասնակցիլ յոբելեանի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ սպասուող ձեռնարկներուն` հրաւիրելով Ֆրանսայի քաղաքական, հասարակական գործիչներ: Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակին առիթով ձեռնարկներ պիտի իրականացնենք Ֆրանսայի մէջ` համախմբելով մեր գործընկերները: 100-ամեակին պէտք է աշխոյժ աշխատիլ, վերհանել հայ-ֆրանսական բարեկամութեան պատմութեան էջերը: Ի դէպ, քիչերուն յայտնի է, որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան տարիներուն Ֆրանսայի մէջ կար մեր երկրի դեսպանութիւնը»,- ընդգծած է Յարութ Մարտիրոսեան:

Ան նշած է, որ տարուան ընթացքին Ֆրանսայի հասարակութեան պիտի ներկայացուին գիրքեր, ֆիլմեր` կապուած Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան եւ այլ հարցերու մասին:

http://www.yerakouyn.com/?p=146938

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ