ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Հրանդ Տինքի սպանութեան 11րդ տարելիցին ընդառաջ, Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած է Տինքի սպանութենէն ետք տեղի ունեցած զարգացումները հետաքննելու ու նմանատիպ հաւանական սպանութիւնները կանխելու ուղղուած առաջարկ մը:
Կուսակցութեան պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Կարօ Փայլան իր առաջարկին մէջ շեշտած է, որ Հրանդ Տինք ջանքեր կը գործադրէր Թուրքիոյ ժողովրդավարացման եւ ժողովուրդներու համերաշխութեան ու խաղաղութեան համար:
Առաջարկին մէջ յիշատակուած է նաեւ, որ Հրանդ Տինք Աթաթիւրքի հոգեզաւակ Սապիհա Կէօքճենի մասին յօդուած գրելէն ետք՝ թիրախ դարձած է ազգայնականներուն, իսկ 2005ին, 301րդ յօդուածով՝ անոր դէմ թիւրքականութիւնը վիրաւորելու մեղադրանքով դատ բացուած է:
«Թուրքիոյ խորհրդարանը պէտք է ուսումնասիրէ Տինքի սպանութենէն ետք տեղի ունեցող զարգացումները եւ նման սպանութիւնները կանխելու համար կամք դրսեւորէ: Այս ծիրէն ներս, կը պահանջենք, որ խորհրդարանը անյապաղ ուսումնասիրութիւններու սկսի յիշեալ հարցով», նշած է Կարօ Փայլան:
Asbarez.com
Leave a Reply