Թուրքիոյ տրուած կանաչ լո՞յս. Միջազգային դաշինք. «Աֆրինը մեր գործողութիւններու շրջագիծին մէջ չէ»


Ուաշինկթընի
ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի բանբեր Ռայըն Տիլըն շեշտեց. «Դաշինքը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ որոշ շրջաններէ վտարելու եւ շրջանային կայունութիւն հաստատելու իր առաքելութիւնը չփոխեց»:

«Աֆրինը մեր գործողութիւններու շրջագիծին մէջ չէ: Կը շարունակենք ՏԱՀԵՇ-ի մնացորդացին դէմ յաղթանակ արձանագրելու նպատակով Եփրատի միջին հովիտի եւ մասնաւորաբար Պուքամալի հիւսիսը եւ Եփրատ գետի արեւելքը գտնուող տարածքներուն մէջ աջակցութիւն տրամադրել մեր գործընկերներուն», նշեց ան:

http://www.aztagdaily.com/archives/379568

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ