Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
2017 դեկտեմբեր 30-ին, հանրածանօթ թուրք քաղաքագէտ, լրագրող եւ գրող Չենկիզ Աքթարը հրապարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ անաչառ եւ կարեկցական յօդուած մը: «Անցեալի բռնութեան դիմակայումը աւելի մեծ բռնութեամբ» խորագիրը կրող Աքթարի յօդուածը տեղադրուած է Ahvalnews.com արտասահմանեան կայքէջին մէջ` թրքական կառավարութեան ճնշող վարչակարգի հասանելիութենէն դուրս:
Փրոֆ. Աքթար իր յօդուածը կը սկսի խիստ զգուշացումով թուրք ժխտողականներուն. «Եթէ մենք՝ իբրեւ հասարակութիւն, չենք առերեսուիր մեր անցեալի զանգուածային յանցագործութեան, ինչպէս 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան, եւ եթէ պատշաճ փոխհատուցում չենք տար անմեղ զոհերու ժառանգներուն, անպատժելիութիւնը կը հետապնդէ մեզի, եւ նոյնիսկ աւելի մեծ չարիք կու գայ մեր գլխուն: Ասիկա դարաւոր բարոյական ծանր իրավիճակ է` շատ խոր արմատներով»: Աքթար կը պահանջէ ո՛չ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, այլ աւելի կարեւորը` «փոխհատուցում»:
Փրոֆ. Աքթար կը կարծէ, որ 1915 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած բոլոր չարիքներուն արմատը թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումն է. «Հաշուի առնելով, որ Ցեղասպանութիւնը իր էութեամբ զանգուածային յանցագործութիւն է, քան որեւէ հասարակական, անհատական կամ հաւաքական օրինազանցութիւն, կամ այսօրուան չդադրող չարիքները, եւ եթէ հասարակական գիտակցութիւնը կրնայ մարսել Ցեղասպանութիւնը, անիկա կրնայ դիւրութեամբ հանդուրժել ցանկացած անօրինականութիւն: Այսպիսով, չարիքը չարիք կը ծնի: Մենք, իբրեւ հասարակութիւն, մշտապէս մերժած ենք անդրադառնալ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն` այդ մեղսագործութեան հետեւած խախտումներուն պատճառով, որոնք ուղղակիօրէն փոխկապակցուած էին Ցեղասպանութեան անպատժելիութեան, ինչպէս նաեւ կամաւոր կամ պարտադրուած խելագարութեան հետ»:
Իրականութեան մէջ, բռնութիւնը եւ անարդարութիւնը սովորական երեւոյթ դարձած են Թուրքիոյ մէջ`կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան զանգուածային յանցագործութիւններու հետ. «…Հաւաքական խելագարութիւնը, հաւաքական բռնութիւնը եւ հաւաքական անառակութիւնը, որոնք պարտադրած են 1915-ի յանցանքներէն ետք, դարձած են մեր կենսակերպը: Այժմ մենք անսահման բռնութիւն եւ անառակութիւն ունինք ամէն տեղ, մեր տուներուն մէջ, զօրանոցներուն մէջ, աշխատավայրերունմէջ, հիւանդանոցներուն մէջ, բոլոր ասպարէզներու մէջ, քաղաքականութենէն մինչեւ լրատուամիջոցներ` մարդոց, կենդանիներու, բնութեան, քաղաքներու, մշակոյթի, ամէն ինչի դէմ: Անօրէնութիւնը, անպատժելիութիւնը, անարդարութիւնը եւ անտարբերութիւնը եւս ամէն տեղ են»:
Աքթար Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը կը նկարագրէ իբրեւ Թուրքիոյ վրայ շարունակուող «անէծք», որ թրքական հասարակութեան մէջ յանգեցուցած է ներկայի բազմաթիւ չարիքներուն. «Որոշակի շիզոֆրենիա, որ կը ստիպէ անմիջապէս մոռնալ եւ փորձել միւսներուն եւս ստիպել մոռնալ հասցուած բռնութիւնը: Ասիկա ընդհանուր հիւանդութիւն է, որ կը գերազանցէ սովորական ամենօրեայ քաղաքականութեան պատրանքը: Այնուամենայնիւ, անցեալի բռնութիւններու ճնշուած յիշողութիւնները կը պահպանուին հասարակութեան ենթագիտակցութեան մէջ` աւելի շատ բռնութիւն ստեղծելով, փորձելով մեր խելագարութեան սահմանները: Այնպէս որ, փորձելով մոռնալ մէկ չարիքը` մենք նորը կը ստեղծենք… Հաւանաբար ասիկա հասարակութեան անէծքն է, որ կը հրաժարի կամովին առերեսուելու իր անցեալի բռնութեան` ակամայ դիմակայելով ամենօրեայ բռնութիւնը` իր բոլոր աղէտաբեր հետեւանքներով»:
Իր գթասիրտ մարդասիրական յօդուածին աւարտին՝ Աքթար կը վերատեղադրէ այլ հզօր յօդուած մը, որ ան գրած էր մինչեւ 2015 թուականը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, «Թարաֆ» թերթին մէջ, որ թրքական իշխանութիւնները ջնջած են կայքէջէն:
Իր նախկին յօդուածին մէջ փրոֆ. Աքթար նաեւ կ՝ընդունի, որ այսօր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող չարիքները, թրքական հասարակութեան պայմանաւորուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու անէծքներով. «Ով գիտէ, մեզ հետապնդող բոլոր չարիքները, անվերջ զանգուածային սպանութիւնները եւ այս դժբախտութիւններէն դուրս գալու մեր անկարողութիւնը, հաւանաբար պայմանաւորուած է դարաւոր անէծքով եւ դարաւոր սուտով: Ի՞նչ կը կարծէք: Ասիկա, թերեւս, հայերու, փոքրիկներու, կիներու եւ տղամարդոց նզովքն է, որոնք նահատակուեցան հառաչանքով եւ թաղուեցան առանց դագաղի: Ասոնք, հաւանաբար, մեր հոգիներուն մէջ յառաջացած փոթորիկներն են, որ ստեղծուած են դեռ հոգեվարքի մէջ գտնուող ուրուականներու` մեր բոլոր դժբախտ քաղաքացիներու, ներառեալ յոյներու եւ սուրիացիներու, իսկ յետագային ալեւիներու եւ քիւրտերու կողմէ: Հաւանաբար, 1915 թուականէն ի վեր կոտորածները, որոնք դեռ հաշուի չեն առնուած եւ անոր համար մինչ օրս չվճարուած գինը այժմ տարբեր տեղերու մէջ կը վճարեն մեր թոռնիկները: Անիծուած ենք խլուած, գողցուած կեանքերու, թալանուած տուներու, աւերուած եկեղեցիներու, բռնագրաւուած դպրոցներու եւ ունեցուածքի համար… «Թող Աստուած տայ այս ամէնուն համար վճարես գալիք բոլոր սերունդներովդ»… Արդեօք մենք կը վճարե՞նք մինչ օրս ըրած ողջ անարդարութեան գինը: Արդեօք փոխհատուցումը կը դրսեւորո՞ւի այն յօժարակամութեամբ, որ չենք կրնար առերեսուիլ մեր անցեալի մեղքերուն կամ անբարեխիղճ ձեւով, որ դարձած է մեր սովորութիւնը` անարդարութեան վերաբերեալ մեր երկարատեւ հանդուրժողականութեան պատճառով: Կը թուի, թէ մեր հասարակութիւնը մէկ դարու ընթացքին քայքայուած է` թարախակալելով ամբողջ շրջապատը»:
Երբ թուրք ղեկավարները ընդունին իրենց նախնիներուն կատարած զանգուածային յանցագործութիւնները եւ հատուցեն անոնց համար, ինչպէս փրոֆ. Աքթար կ՝առաջարկէ՝ միայն ա՛յդ ժամանակ Հայաստանն ու Թուրքիան կրնան բնականոն դիւանգիտական յարաբերութիւններ հաստատել, եւ միայն անկէ ետք անոնք կրնան անցեալը ձգել իրենց ետին: Թող Ալլահի օրհնութիւնը ըլլայ այս արդարամիտ թուրքի եւ անոր աստուածային արդարութեան հետապնդման վրայ…
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ–ը
http://www.yerakouyn.com/?p=146755
Leave a Reply