Թուրքիոյ յոյն եւ ասորի համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները Այցելեցին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան

•


Թուրքիոյ
յունական համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Կ․Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոս Ա․–ն, ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ փոխպատրիարք Ֆիլուքսինոս Եուսուֆ Չեթին եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Լեւոն Զէքեան Յունուար 8-ին այցելած են Պոլսի Հայոց պատրիարքարան:

Այս մասին` ըստ “Արցախփրես”-ի՝ կը նշուի Պոլսի Հայոց պատրիարքութեան ֆէյսպուքեան էջին մէջ:

Առաքելութեան նպատակը եղած է յատուկ տօնական այցով շնորհաւորել Թուրքիոյ հայ համայնքի Սուրբ Ծննդեան տօները:

Հոգեւոր հիւրերը ընդունած է Պոլսի Հայոց պատրիարքի ընտրուած տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանը:

Հանդիպման ընթացքին հոգեւոր հայրերը անդրադարձած են Թուրքիոյ փոքրամասնութիւննեու ներկայ վիճակին, քննարկած շարք մը խնդիրներ, հայկական, յունական եւ ասորական համայնքներու միջեւ փոխգործակցութեան հեռանկարները:

Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ այս եկեղեցիներու այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ:

http://www.yerakouyn.com/?p=146348

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ