Թուրքիոյ յունական համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Կ․Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոս Ա․–ն, ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ փոխպատրիարք Ֆիլուքսինոս Եուսուֆ Չեթին եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Լեւոն Զէքեան Յունուար 8-ին այցելած են Պոլսի Հայոց պատրիարքարան:
Այս մասին` ըստ “Արցախփրես”-ի՝ կը նշուի Պոլսի Հայոց պատրիարքութեան ֆէյսպուքեան էջին մէջ:
Առաքելութեան նպատակը եղած է յատուկ տօնական այցով շնորհաւորել Թուրքիոյ հայ համայնքի Սուրբ Ծննդեան տօները:
Հոգեւոր հիւրերը ընդունած է Պոլսի Հայոց պատրիարքի ընտրուած տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանը:
Հանդիպման ընթացքին հոգեւոր հայրերը անդրադարձած են Թուրքիոյ փոքրամասնութիւննեու ներկայ վիճակին, քննարկած շարք մը խնդիրներ, հայկական, յունական եւ ասորական համայնքներու միջեւ փոխգործակցութեան հեռանկարները:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ այս եկեղեցիներու այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ:
http://www.yerakouyn.com/?p=146348
Leave a Reply