«Հայ-թրքական սահմանին վրայ պատ պիտի չկառուցուի» կ՛ըսէ Սոյլու


Թուրքիոյ
ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ պետական սահմանին վրայ առայժմ պատ պիտի չկառուցուի, սակայն, անվտանգութեան նկատառումներով սահմանային գօտիին մէջ պիտի տեղադրուին ելեկտրական նոր սարքաւորումներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Կը կարծեմ` 1-2 ամսուան ընթացքին Արտահանի մէջ այդպիսի միջոցառումներ պիտի որդեգրենք: Այս պահու դրութեամբ այնտեղ պատ չենք կառուցեր, այդ հատուածին վրայ միայն ելեկտրական նոր համակարգեր պիտի տեղադրուին», ըսած է Սոյլու:

Ըստ թուրք նախարարին, Թուրքիան նոյն ձեւով կը պատրաստուի ուժեղացնել անվտանգութեան միջոցառումները Վրաստանի հետ սահմանին վրայ: Թուրք-վրացական սահմանին վրայ եւս պատի կառուցում չ՛ակնկալուիր:

Խօսելով Իրանի հետ սահմանին վրայ կառուցուող պատին մասին` Սոյլու յայտնած է, թէ աշխատանքներուն գրեթէ կէսը արդէն աւարտած է: Ըստ նախատեսութեանց, պատին երկարութիւնը 144 քիլոմեթր պիտի ըլլայ:

Նշենք, որ Թուրքիա անցեալ տարի աւարտած է Սուրիոյ հետ սահմանի` շաղախէ պատին կառուցումը:

http://www.aztagdaily.com/archives/378450

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ