Էրտողան. «Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները կը կորսնցնեն իրենց վաւերականութիւնը»


Թուրքիոյ
նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով թրքական պետական «ՀալքՊանք»-ի պաշտօնատարներէն մէկուն նկատմամբ` Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները շրջանցելուն համար արձակուած վճիռին, երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներուն հետ իր երկրին արդարադատական երկկողմանի համաձայնագիրները «կը կորսնցնեն իրենց վաւերականութիւնը»:

«Եթէ Միացեալ Նահանգներու արդարութեան հասկացողութիւնը այս է, ապա աշխարհը դատապարտուած է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ պէտք է մեզի ներեն, սակայն մեր միջեւ երկկողմանի կապերն ու երկկողմանի համաձայնագիրները կը կորսնցնեն իրենց վաւերականութիւնը: Կը ցաւիմ ասիկա ըսելու, սակայն այսուհետեւ այսպէս պիտի ըլլայ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հինգշաբթի օր յայտնած էր, որ վճիռը Թուրքիոյ ներքին հարցերուն աննախադէպ միջամտութիւն մըն է:

http://www.aztagdaily.com/archives/378284

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ