Թուրքերը զայրացած են Քէօլընի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանէն

Գերմանիոյ Քէօլըն քաղաքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանը յառաջացուցած է թրքական համայնքին զայրոյթը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Քէօլընի թուրք համայնքի ներկայացուցիչ Լեւենթ Թաշքըրան յայտնած է, թէ տեղւոյն 32 թրքական միութիւններէն բաղկացած յատուկ նախաձեռնութիւնը օրին այս գծով հանդիպումներ ունեցած է Քէօլընի քաղաքապետարանին մէջ եւ հետեւած իրադարձութիւններու զարգացման: Բայց եւ այնպէս, հակառակ թրքական համայնքին ջանքերուն` յուշարձանը կանգնեցուած է:

«Քէօլընի մէջ, ուր 100 հազարէ աւելի թուրքեր կ՛ապրին, այդպիսի յուշարձանի կանգնեցումը ներքին խաղաղութիւնը խաթարող քայլ կ՛որակենք: Մենք քաղաքապետարանին այս որոշումը չենք ընդունիր եւ զայն կը համարենք հակաժողովրդական», ըսած է Թաշքըրան:

Նախապէս Գերմանիոյ մէջ գործող «Վտանգուած ժողովուրդներ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կոչ ուղղած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն սպաննուած հայերու եւ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներու զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններ կանգնեցնելու գերմանական քաղաքներու մէջ:

Horizonweekly.ca

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ