ԱՆԳԱՐԱ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ. Փի.».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու նոյեմբեր 25ին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, թէ յստակ հրահանգներ տուած է՝ քիւրտերուն զէնքի մատակարարումները դադրեցնելու վերաբերեալ, անսալով նման աջակցութեան վերջ տալու թրքական պահանջներուն:
Այս տեղեկութիւնը մասամբ հաստատած է Սպիտակ տունը՝ հրապարակելով հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին հաղորդագրութիւն մը եւ նշելով, որ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահը տեղեակ պահած է՝ «Սուրիոյ մէջ մեր գործընկերներուն տրամադրուող զինուորական աջակցութեան վերաբերեալ ակնկալուող փոփոխութիւններուն մասին»:
Սպիտակ տունը նշած է, որ այդ քայլը կը համապատասխանէ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին քաղաքականութեան, եւ յիշատակած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման այսպէս կոչուած նախկին մայրաքաղաք Ռաքքայի ազատագրումը:
Յիշենք, որ Թրամփի վարչակազմը անցած Մայիսին յայտարարած էր, թէ Ռաքքայի ազատագրման մարտերէն առաջ պիտի սկսի զինելու քիւրտերը:
«Էսոշիէյթըտ Փրէս» կը նշէ, թէ այս քայլը կրնայ նպաստել Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւնները կարգաւորելու ջանքերուն։ Երկու երկիրները կտրուկ կերպով հակադրուած էին «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի միջոցներուն շուրջ:
Նոյն լրատու գործակալութիւնը կը նշէ նաեւ, որ յայտնի չէ, թէ Թրամփի վարչակազմը, քիւրտերուն տրամադրուած զինուորական աջակցութեան դադրեցման մասին Թուրքիոյ յայտնելէ առաջ՝ արդեօք տեղեակ պահա՞ծ է քիւրտերը:
Խանդավառուած Թրամփի սոյն որոշումէն՝ Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան խօսնակ Պեքիր Պոզտաղ Նոյեմբեր 27ին յայտարարեց, որ այն զէնքերը, զորս Միացեալ Նահանգները տրամադրած էր Սուրիոյ քիւրտերուն, պէտք է անմիջապէս ետ վերցուին:
Միւս կողմէ, Էրտողան չէ բացառած ապագային Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հաղորդակցիլը՝ Սուրիոյ մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հարցով: Պատասխանելով թուրք լրագրողներու հարցումներուն՝ Ասատի հետ այդ հարցով հաղորդակցութեան մէջ մտնելու մասին, Թուրքիոյ նախագահը ըսած է. «Քաղաքականութեան դռները միշտ բաց են՝ մինչեւ վերջին պահ»:
Asbarez.com
Leave a Reply