Մոռցուած հայկական մայրաքաղաք Անին կանգնած է միայնութեան մէջ․ թրքական պարբերական

1920-էն այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայկական Անի քաղաքի վսեմութեան եւ միայնութեան, հնադարեան եկեղեցիներու եւ ճարտարապետական այլ արժէքներու մասին ծաւալուն անդրադարձ կատարած է թրքական Daily Sabah պարբերականը:

«Մոռցուած հայկական մայրաքաղաք Անին կանգնած է միայնութեան մէջ: Ճանապարհորդները զայն բացայայտելու համար պէտք է ինքնաթիռով գան Կարս, իսկ յետոյ ցամաքային ճանապարհով պէտք է ուղեւորուին դէպի Օջաքլը գիւղ, որ մօտ է Հայաստանի սահմանին, այնուհետեւ ոտքով պէտք է բարձրանան բլուրը, որուն վրայ տեկայուած է քաղաքը», – «Փանարմինըն»-ի փոխանցմամբ՝ կը գրէ թրքական պարբերականը` աւելցնելով, որ քաղաքը իր ճարտարապետութեամբ կրնայ մրցիլ Բիւզանդիոյ Կոստանդնուպոլիսի հետ:

«Ժամանակին 200.000 բնակիչ ունեցող քաղաքը աւելի մեծ էր, քան Լոնտոնն ու Փարիզը: Ան ունէր հսկայական ամրոց, պաշտպանական պարիսպներ, հազարաւոր եկեղեցիներ, 40 դարպաս եւ ծաղկուն տնտեսութիւն: Այս բոլորը այսօր լքուած աւերակներ են», – կը գրէ «Սապահ»-ը եւ կ՛երզրափակէ, որ քաղաքը կանգուն մնացած դեռ շատ արժանիքներ ունի:

Պատմագիտական գրականութենէն յայտնի է, որ Աշոտ Գ Բագրատունին Անին մայրաքաղաք հռչակեց 961 թուականին` Կարսէն այնտեղ փոխադրելով թագաւորական գահը: Անին նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթական ժառանգութեան կարեւոր յուշարձաններէն է: Ան կ՛անուանէին 1000 ու 1 եկեղեցիներու քաղաք: Այնտեղ կը գտնուին պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող յուշարձանները` Անիի Մայր տաճարը, Գագկաշէնը, Հովուի, Ամենափրկիչ եւ այլ եկեղեցիները:

http://www.yerakouyn.com/?p=143888

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ