Արժանթինի Սան Լուիս նահանգին մէջ ապրիլ 24-ը պիտի նշուի իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր

Արժանթինի Սան Լուիս նահանգը ընդունած է օրէնք, որով ապրիլ 24-ը կը հռչակուի իբրեւ «Ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի օր»` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան: Այդպիսով, Սան Լուիս դարձաւ Արժանթինի 20-րդ նահանգը, որ ընդունոց  նման օրէնք:

Սան Լուիսի խորհրդարանը միաձայնօրէն քուէարկած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող օրէնքի օգտին, իր համերաշխութիւնը յայտնած հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն ցուցաբերած` նահանգային մակարդակով իրականացնել յիշատակի ձեռնարկները:

Արժանթինի  Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Նիքոլաս Սապունճեան ողջունած է օրէնքի ընդունումը` նշելով, որ այդ օրէնքով վաւերցուած է այն համաձայնութիւնը, որ հայկական հարցի նկատմամբ գոյութիւն ունի տարածաշրջանային, ազգային եւ դաշնային մակարդակի վրայ:

http://www.yerakouyn.com/?p=143813

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ