Պատրիարքական Տեղապահ Գարեգին Արք. Պէքճեան պատրիարքական ընտրութեան փուլերուն մասին տեղեկատուական նամակներ գրեց նախագահ Էրտողանին եւ Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլուին։ Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցուած էր Պատրիարքարանի կայքէջէն։ «Ակօս»-ի քաղած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ նախագահին ղրկուած նամակին մէջ գրուած է Էրտողանին հայ համայնքի խնդիրներուն մօտէն հետեւելու առթած գոհունակութեան մասին։ Յիշուած է փոխկուսակալ Ազիզ Մերճանի ստորագրութեամբ եկած ֆաքսին տեղապահի ընտրութենէն հազիւ քանի մը վայրեան ետք հասած ըլլալու դրութիւնը եւ ըսուած է, թէ ի դէմ պետութեան ոչ մէկ քայլի չէ ձեռնարկուած։ Նոյնպէս ընդառաջելով նախագահի թելադրանքին՝ Կարգադիր յանձնախումբի ընտրութիւնը յետաձգուած է 16 ապրիլի հանրաքուէէն վերջուան թուականի մը։
Նամակին մէջ շեշտուած է պատրիարքական աթոռին թափուր ըլլալու իրողութիւնը եւ ցանկութիւն յայտնուած է բազմադարեան աւանդութիւններու սկզբունքներով նոր ընտրութիւն կատարելու ցանկութիւնը։
Նման բովանդակութիւնով նամակ մըն ալ ուղարկուած է ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուին։ Այստեղ եւս նշուած է Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան նախորդ փորձերը առ ի տեղեկութիւն։
http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/19743/lusapanagan-namagnyer-nakhakahin-ev-nakhararin
Leave a Reply