Պէքճեան պատրիարքը ընտրութեան գծով նամակ յղած է Էրտողանին

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան Երկուշաբթի՝ նոյեմբեր 20-ին, նամակ մը յղեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին:

Ըստ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին՝ նամակին մէջ Պէքճեան անդրադարձած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցին։ Նամակի բովանդակութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ յայտնի չեն։

Նոյն հարցին կապակցութեամբ պատրիարքական տեղապահը այլ նամակ մը յղած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան:

Էրտողան, 18 յունուար 2017ին հանդիպում մը ունենալով Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հոգաբարձական կազմի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, խոստացած էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն հարցով զբաղիլ անցած ապրիլի սահմանադրական հանրաքուէէն ետք: Այնուհանդերձ, նոր պատրիարք ընտրելու գործընթացը մինչեւ այսօր կը մնայ չլուծուած:

http://asbarez.com/arm/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ