Հայ գիրքի համահայկական 38-րդ ցուցահանդէսի բացում Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսին, կիրակի, 19 նոյեմբեր 2017-ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ հայ գիրքի համահայկական 38-րդ ցուցահանդէսին բացումը։ Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան տիար Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր, ազգայիններ, մտաւորականներ եւ ընթերցասէր հոծ բազմութիւն մը։

Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ հայրապետական թափօրով դէպի ցուցահանդէսին տաղաւարը, ուր Վեհափառ Հայրապետը կատարեց պաշտօնական բացումը։ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ծաղկեցուց հանդիսութիւնը փունջ մը ազգային ու կրօնական երգերով։

Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք ներկաները, բացուած յայտարարեց հայ գիրքի 38-րդ համահայկական ցուցահանդէսը։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետին հայ գիրքին ձօնած «Լո՜յս տեսաւ…» բանաստեղծութիւնը ընթերցեցին երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Վաչէ վրդ. Պալըքճեան եւ Հոգշ. Տ. Պսակ աբղ. Թէփիրճեան։ Քերթուածը ոչ միայն Նորին Սրբութեան ներքին ապրումներուն ու հայ գիրքին հանդէպ ունեցած սէրն ու գուրգուրանքին արտացոլումն էր, այլ նաեւ մեր սփիւռքեան իրականութեան դրսեւորումը։ Բանաստեղծական ոճով պարուրած իր տողերով, Հայրապետը իրապաշտ կերպով կը բնութագրէ հայ գիրքին ապրած անցեալն ու ներկան։ «Լո՜յս տեսաւ…»-ով կը շեշտուի գիրքին եւ մանաւանդ հայ գիրքին լուսաւորման աղբիւր ըլլալը։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայրապետական մաղթերգով եւ «Կիլիկիա» քայլերքով։

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 10 Դեկտեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 7:00։

http://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/20673

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ