Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու շարք մը մանրամասնութիւններ փոխանցած է 15 նոյեմբերին Անգարայի մէջ փոխվարչապետ Հաքան Չաւուշօղլուի եւ նախագահ Էրտողանի կարգ մը խորհրդականներու հետ իր հանդիպման վերաբերեալ, կը հաղորդէ «Ակօս» թերթը:
Շիրինօղլու նախ յայտնած է, որ Անգարա այցելած է շնորհաւորելու համար Չաւուշօղլուի նշանակումը (Չաւուշօղլու փոխվարչապետի պաշտօնին նշանակուած էր 19 յուլիսին), ապա ըսած է, թէ փափաքած է հանդիպիլ նաեւ Էրտողանի հետ, սակայն այդ հանդիպումը տեղի չունեցաւ, որովհետեւ նախագահը Քաթար կը գտնուէր այդ օրը։
«Խնդրեցի, որ շուտափոյթ որոշում կայացուի պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ, սակայն Չաւուշօղլու յայտնեց, որ պատրիարքի ընտրութեան հարցով կը զբաղի ներքին գործոց նախարարութիւնը: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ շուտով, նախարարութիւնը այս հարցով հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ», – ըսած է Շիրինօղլու:
Յիշեցնենք, որ Շիրինօղլու այս տարուան 18 յունուարին հանդիպում մը ունեցած էր Էրտողանի հետ: Վերջինս խոստացած էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն հարցով զբաղիլ ապրիլի սահմանադրական հանրաքուէէն ետք: Սակայն, նոր պատրիարք ընտրելու գործընթացը ցարդ տեղքայլի մէջ կը մնայ։
Leave a Reply