Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հանձնաժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքը

16 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութեամբ եւ Երուանդ Փամպուքեանի ատենապետութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գումարուեցաւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի քարտուղարութեան նիստը։ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող ներկայ յանձնաժողովին կ՚անդամակցին հայագէտներ ու լեզուագէտներ՝ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։ Անոր վարիչ-քարտուղարութիւնը ստանձնած է Ժիրայր Դանիէլեան, որ միաժամանակ կաթողիկոսարանիս հայագիտական դասընթացքի տեսուչն է եւ դասախօս՝ դպրեվանքէն ներս։

Յանձնաժողովը լծուած է հանգրուանային կերպով արեւմտահայերէնի առնչուած զանազան հարցերու ուսումնասիրական աշխատանքին. օրինակ՝ քերականութիւն, ուղղագրութիւն, կէտադրութիւն, խնդրայարոյց բառեր, եւ այլն…։ Իր աշխատանքներու աւարտին, ան գրքոյկներու ձեւով պիտի հրապարակէ կատարուած ուսումնասիրութիւնները որպէս ուղղեգիծ արեւմտահայերէնի ուսուցման ու գործադրութեան։

http://hayernaysor.am/cl/archives/265828

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ