Պէքճեան այցելեց Ֆեներ

Պատրիարքական Տեղապահ Գա­րեգին արք. Պէք­ճեան այ­ցե­լեց Բար­թո­ղիմէոս Ա. Տիեզե­րական Պատ­րիար­քին։ Տե­ղապահ հօր կ՚ըն­կե­րանա­յին Կրօ­նական Ժո­ղովի ատե­նապետ Սա­հակ եպսկ. Մա­շալեան, Յա­րու­թիւն աբղ. Տա­մատեան եւ Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մատեան։

Յոյն ուղղա­փառաց պատ­րիար­քը յայտնեց իր գո­հու­նա­կու­թիւնը Գա­րեգին արք. Պէք­ճեանի այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ եւ իրեն յա­ջողու­թիւն մաղ­թեց տե­ղապա­հի պար­տա­կանու­թեան ըն­թացքին։ Պատ­րիար­քը անդրա­դար­ձաւ Մես­րոպ Բ պատ­րիար­քի հետ ու­նե­ցած իր մտեր­միկ յա­րաբե­րու­թեան ու նշեց թէ անոր հի­ւան­դութիւ­նը խոր տխրու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ իրեն, եւ ան եր­բեմն Ս. Փրկիչ հի­ւան­դա­նոց այ­ցե­լելով կ՚աղօ­թէ անոր սնա­րին։ Հան­դիպման աւար­տին Բար­թո­ղիմէոս Ա պա­նակէ մը նուիրեց տե­ղապահ հօր։

Բարձրաս­տի­ճան հո­գեւո­րական­ները ապա աղօթեցին նաեւ Ս. Գէորգ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/19702/bekchyean-ahtsyelyets-fyenyer

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ