Խորհրդաւոր հանդիպումներ Անգարայի մէջ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու 15 նո­յեմ­բեր՝ չո­րեք­շաբթի, մայ­րա­քաղաք Ան­գա­րայի մէջ հան­դի­պումներ ու­նե­ցաւ վա­քըֆ­նե­րէ պա­տաս­խա­նատու փոխ­վարչա­պետ Հա­քան Չա­ւու­շօղլուի եւ նա­խագահ Էր­տո­ղանի կարգ մը խորհրդա­կան­նե­րուն հետ։

Ու­շագրաւ է, որ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լուի այս հան­դի­պումնե­րը կը կա­յանան այնպի­սի շրջա­նի մը մէջ, երբ քննար­կումներ կ՚ըն­թա­նան պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան վե­րաբե­րեալ։ Կ՚են­թադրուի թէ, այս հան­դի­պումնե­րու ըն­թացքին օրա­կար­գի նիւթ դար­ձած են պատ­րիար­քա­կան ու հա­մայնքա­յին ընտրու­թիւննե­րու հար­ցե­րը։ Յայտնի դար­ձաւ, որ փոխ­վարչա­պետ Չա­ւու­շօղլուի հետ կա­յացած հան­դի­պու­մը տե­ւած է եր­կու ժամ։ Հան­դիպման աւար­տին Շի­րինօղ­լուի կող­մէ որե­ւէ յայ­տա­րարու­թիւն չէ կա­տարուած։ Ըստ լսումնե­րու՝ Շի­րինօղ­լու նշած է, թէ մա­մու­լին որե­ւէ յայ­տա­րարու­թիւն պի­տի չկա­տարուի այս մա­սին։

Այս հան­դի­պումնե­րու բո­վան­դա­կու­թիւնը ան­շուշտ հե­տաքրքրա­կան է հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վա­րիչ­նե­րուն, պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան դե­րակա­տար­նե­րուն, ինչպէս նաեւ ողջ հան­րութեան հա­մար, քա­նի որ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցին մէջ առ­կայ են հարցման նշան­ներ։ Սա­կայն պատ­րիար­քա­կան տե­ղապահ Գա­րեգին արք. Պէք­ճեան եւ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թեան կարգ մը վա­րիչ­ներն իսկ որե­ւէ տե­ղեկու­թիւն չու­նին այս հան­դի­պումնե­րու մա­սին։

Ինչպէս պի­տի յի­շուի, 24 հոկ­տեմբեր 2017-ին Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու, Կրօ­նական ժո­ղովի ատե­նապետ Սա­հակ եպսկ. Մա­շալեան, Նա­խաձեռ­նարկ մարմնի ատե­նապետ Սար­գիս Քիւ­լէ­կեչ եւ Արամ արք. Աթէ­շեան մէկ­տե­ղուած էին կու­սա­կալ Վա­սիբ Շա­հինի հետ, երբ քա­ղաքէս կը բա­ցակա­յէր տե­ղապահ սրբա­զան հայ­րը։ Այս հան­դիպման աւար­տին որե­ւէ պաշ­տօ­նական յայ­տա­րարու­թիւն կա­տարուած չէր, միայն, ըստ կարգ մը լսումնե­րու, հան­րութիւ­նը տե­ղեակ դար­ձած էր, թէ կու­սա­կալը ան­հանգստու­թիւններ ու­նի պատ­րիար­քա­կան տե­ղապա­հին եւ Նա­խաձեռ­նարկ մարմնին վե­րաբե­րեալ։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/19704/khvorhrtawvor-hantibumnyer-ankarahi-mech

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ