ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Հայ Իրաւանց խորհուրդին եւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթին, Երկուշաբթի, Նոյեմբերի 13ին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Երեւանէն ժամանած թրքագէտ եւ պատմաբան դոկտ. Մելինէ Անումեանը պիտի ներկայացնէ «Իսլամացուած հայեր եւ հայախօս գնչուներ՝ ժամանակակից Թուրքիայում» նիւթը։

Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Կեդրոնական հանրային գրադարանին մէջ (222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205)։

Նշենք, որ դոկտ. Մելինէ Անումեան նաեւ Նոյեմբեր 20ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, ԹՄՄի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ (1901 N. Allen Ave., Altadena, CA 91001) պիտի ներկայացնէ «Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը երիտթուրքերի դատական վաւերագրերում (1919-1921)» նիւթով բանախօսութիւն մը։

Երկու ձեռնարկներուն մուտքը ազատ է եւ ընթացքին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:

http://asbarez.com/arm/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ