Հինգշաբթի, նոյեմբեր 16ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ցեղասպանութեան Պարտադրուած. Օսմանեան Թրքական Կայսրութեան հայ զինուորի մը յուշերը» («Forced into Genocide: Memoirs of an Armenian Soldier in the Ottoman Turkish Empire») հատորին ներկայացումը:
Հատորը պիտի ներկայացնէ անոր խմբագիր եւ երկար տարիներու կրթական մշակ Ատրինէ Ալեքսանեան, որ անգլերէնի թարգմանած է Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես իր հօր՝ Երուանդ Ալեքսանեանի ձեռագիր յուշերը:
Հատորին խմբագիրը պիտի ներկայացուի Միհրան Թումաճեանի կողմէ։
Ներկայացումը կազմակերպուած է գրատան եւ Ամերիկայի Հայկական համագումարին ջանքերով։ Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։
Leave a Reply