ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- «Յուզումով, ցաւով ու ընդվզումով դիտեցի Տէր Զօրի մեր եկեղեցւոյ ու համալիրին նկարները: Քանդում եւ ամայութիւն…։ Տէր Զօրը մեր ժողովուրդին համար հոմանիշ եղաւ ցաւի, տառապանքի ու ցեղասպանութեան: Տէր Զօրը նաեւ խորհրդանիշ եղաւ մեր ժողովուրդի վերածննդեա՛ն: Պատմութեան ընթացքին մեր թշնամիները քանդած են, բայց մենք՝ վերաշինած: Քանդուած Տէր Զօրը եւս պիտի վերաշինենք՝ հաւաքական հաւատքով ու յանձնառութեամբ»: Այսպէ՛ս յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոս, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակին մէջ տեսաւ ազատագրուած Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Հայկական եկեղեցւոյ ու համալիրին վերջին պատկերները:

«Քանդուած Տէր Զօրը եւս պիտի վերաշինենք». Արամ Ա. Կաթողիկոս
•
Leave a Reply