Հայամէտ թուրք գործիչ Օսման Քաւալա բանտարկուած պիտի մնայ

ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թրքական «Անատոլիոյ մշակոյթ» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, գործարար, հասարակական գործիչ Օսման Քաւալան 13 օր ձերբակալուած մնալէ ետք՝ Նոյեմբեր 1ին պաշտօնապէս բանտարկութեան դատապարտուած է, մինչեւ իրեն դէմ սկսած դատական հետապնդումին աւարտը:

Ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ Քաւալա կը հարցաքննուի 2016ի յուլիս 15ի պետական յեղաշրջումի փորձէն առաջ ունեցած իր շարք մը հանդիպումներուն համար, իսկ այդ փորձին հետ կապ ունենալու եւ «սահմանադրական կարգը խախտելու» յանցանքներով ալ կ՛ամբաստանուի։

Քաւալա յայտնի է իր հայամէտ դիրքորոշումներով: Ան մօտիկ է Հրանդ Տինքի ընտանիքին, նախապէս այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ յայտարարած, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ