Դաւիթ Բաբայեան. «Արցախը Թուրքիոյ համար բաց վէրք է, իսկ անոր գործած ցեղասպանութիւնները բաց վէրքեր չե՞ն»

•

Երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը յայտարարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ինչպէս Ազրպէյճանի, այնպէս ալ իրենց համար արիւնահոսող վէրք է, պէտք է հասկնայ, որ Թուրքիան իրաւական եւ բարոյական որեւէ հիմք չունի խառնուելու տագնապի լուծման: «Փանորամա»-ի փոխանցումով` ըսած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան:

«Թուրքիան, ըլլալով ցեղասպան պետութիւն, իրաւունք չունի խօսելու բաց վէրքերու մասին: Արցախը իրեն համար բաց վէրք է, իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը, յոյներու, քիւրտերու, եզիտիներու, պուլկարներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները բաց վէրքեր չե՞ն: Այսպիսի մօտեցումը ֆաշականութեան, խտրականութեան գարշելի դրսեւորում է: Թուրքիան երկիր մըն է, որ չի թաքցներ իր քաղաքական յաւակնութիւնները:

«Չունենալով նման յայտարարարութիւններ ընելու ո՛չ բարոյական, ո՛չ իրաւական հիմքեր` այդ երկիրը ամէն պարագայի նման յայտարարութիւններ կ՛ընէ: Թուրքիան երբեք չէ թաքցուցած, որ ինք Ազրպէյճանի գլխաւոր հովանաւորն է: Սա երկիր մըն է, որ Ազրպէյճանին աջակցած է նաեւ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ` այնտեղ ուղարկելով վարձկաններ: Սա երկիր մըն է, որ կը շարունակէ շրջափակման մէջ պահել Հայաստանը», նշած է Դաւիթ Բաբայեան:

Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղարին համաձայն, Թուրքիոյ այս տեսակի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ հայկական կողմը պէտք է զգօն ըլլայ: Անոր համոզումով, եթէ շրջանին մէջ չըլլային զսպիչ ուժեր, Թուրքիան վաղուց յարձակում կը գործէր Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, ինչպէս որ կ՛ընէ Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերուն դէմ:

http://www.aztagdaily.com/archives/370401

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ