Երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը յայտարարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ինչպէս Ազրպէյճանի, այնպէս ալ իրենց համար արիւնահոսող վէրք է, պէտք է հասկնայ, որ Թուրքիան իրաւական եւ բարոյական որեւէ հիմք չունի խառնուելու տագնապի լուծման: «Փանորամա»-ի փոխանցումով` ըսած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան:
«Թուրքիան, ըլլալով ցեղասպան պետութիւն, իրաւունք չունի խօսելու բաց վէրքերու մասին: Արցախը իրեն համար բաց վէրք է, իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը, յոյներու, քիւրտերու, եզիտիներու, պուլկարներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները բաց վէրքեր չե՞ն: Այսպիսի մօտեցումը ֆաշականութեան, խտրականութեան գարշելի դրսեւորում է: Թուրքիան երկիր մըն է, որ չի թաքցներ իր քաղաքական յաւակնութիւնները:
«Չունենալով նման յայտարարարութիւններ ընելու ո՛չ բարոյական, ո՛չ իրաւական հիմքեր` այդ երկիրը ամէն պարագայի նման յայտարարութիւններ կ՛ընէ: Թուրքիան երբեք չէ թաքցուցած, որ ինք Ազրպէյճանի գլխաւոր հովանաւորն է: Սա երկիր մըն է, որ Ազրպէյճանին աջակցած է նաեւ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ` այնտեղ ուղարկելով վարձկաններ: Սա երկիր մըն է, որ կը շարունակէ շրջափակման մէջ պահել Հայաստանը», նշած է Դաւիթ Բաբայեան:
Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղարին համաձայն, Թուրքիոյ այս տեսակի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ հայկական կողմը պէտք է զգօն ըլլայ: Անոր համոզումով, եթէ շրջանին մէջ չըլլային զսպիչ ուժեր, Թուրքիան վաղուց յարձակում կը գործէր Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, ինչպէս որ կ՛ընէ Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերուն դէմ:
http://www.aztagdaily.com/archives/370401
Leave a Reply