ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Համշէնահայ մտաւորական Ճեմիլ Աքսու ու կինը՝ Նուրջան Վայիչ Աքսու, կը շարունակեն բանտարկուած մնալ հասարակական ցանցերէն մէկուն վրայ Թուրքիոյ պետութիւնը քննադատած հրապարակումներու պատճառաւ:
Օրեր առաջ յայտնի դարձաւ, որ Աքսուի տան վրայ ոստիկանական գրոհ կազմակերպուած է, վաղ առաւօտեան խուզարկուած է Աքսուի եւ նոյնպէս համշէնցի գործիչ հանդիսացող անոր կնոջ բնակարանը: Նուրջան Վայիչ Աքսուն ձերբակալուած է, իսկ անոր համակարգիչն ու անձնական շարք մը գիրքեր գրաւուած են: Նախօրէին ձերբակալուած ու կալանաւորուած էր նաեւ Ճեմիլ Աքսուն:
Թրքական gazeteduvar.com.tr կայքի լրագրողներէն Պիրսեն Քայեան կը գրէ, որ համշէնահայ գործիչներու երեխան՝ փոքրիկ Արեւը, ծնողներու ձերբակալութեան ու կալանաւորման հետեւանքով մինակ մնացած է:
«Մենք յետագային ինչպէ՞ս Արեւին պիտի պատմենք այս օրերուն մասին, ի՞նչ պատասխան պիտի տանք, այսօր պետական պաշտօնեաները վաղը ինչպէ՞ս պիտի նային Արեւի աչքերուն մէջ», գրած է լրագրողը:
Ըստ Քայայի՝ Ճեմիլի ու Նուրջանի ձերբակալութեան հրամանը «շատ բարձր տեղերէ» ստացուած է:
«Ճեմիլը Խոպայի մէջ բոլորին աչքն ու ականջն է, մտաւորական է, գործիչ, գրող: Նուրջանն ալ բոլորին կողմէ ճանչցուած ու սիրուած, աշխատող, քարէն հաց քամող, նոյն ատեն քաղաքականութեան մէջ ալ դեր խաղացած կին է: Օրինակ՝ Թուրքիոյ մէջ սեռային ոտնձգութեան դէմ ամենահզօր հանրահաւաքներէն մէկը կազմակերպած խոպացի կանանց շարքին էր ան», կը գրէ Քայեան:
Նշենք, որ Ճեմիլ Աքսու ժամանակին բանտարկուած է իր քաղաքական հայեացքներուն պատճառով, շուրջ 9 տարի:
Asbarez.com
Leave a Reply