Անգարա վերջին մէկ տարուան ընթացքին պաշտօնանկ ըրած է 101 քաղաքապետներ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու յայտարարեց, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին կառավարութիւնը պաշտօնանկ ըրած է 101 քաղաքներու եւ գիւղաքաղաքներու քաղաքապետներ եւ թաղապետներ, իսկ անոնց փոխարէն նշանակած է պետական կառավարիչներ։

Պաշտօնանկ եղած են գլխաւորաբար քրտաբնակ շրջաններու քաղաքապետներ ու թաղապետներ, որոնք եղած են քրտամէտ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ։ Անոնց մէջ կան նաեւ Կիւլենի շարժումին հետ կապեր ունենալու յանցանքով ամբաստանեալներ։

Պաշտօնանկ եղած քաղաքապետներուն ու թաղապետներուն մեծ մասը աւելի ուշ ձերբակալուած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու ամբաստանութեամբ։

Ներքին գործոց նախարարին հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան, ՓՔՔին ու Կիւլենի շարժումին դէմ իրականացած են աւելի քան 68 հազար գործողութիւններ, որոնց իբրեւ հետեւանք՝ կալանաւորուած է 30,187 հոգի եւ սպաննուած 2242 «ահաբեկիչ»՝ կանխելով 515 յարձակում։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ