Երկու օր առաջ ուշ գիշերով Համշէնի Խոփա քաղաքին մէջ Թուրքիոյ ոստիկանները ձերբակալած են ընկերային ցանցերու մէջ աշխոյժ գրառումներ կատարող համշէնահայ Նուրճան Վայիչը, կը հաղորդէ “Ախալցխա․net” կայքը:
Նուրճան Վայիչ ընդդիմադիր հայեացքներով պլոկըրը կին մըն է, որ միշտ Թուրքիոյ իշխանութիւնները քննադատող գրառումներ կը կատարէր իր էջին վրայ։ Ան յաճախ իր գրութիւններով կը դատապարտէր Թուրքիոյ մէջ աճող ֆաշիզմի դրսեւորումները, որոնք վերջին շրջանին հալածանքի կոչեր կը հնչեցնէին Համշէնի մէջ ապրող ժողովուրդի նկատմամբ:
Նուրճան Վայիչի ընկերները համոզուած են, որ կէսգիշերին տեղի ունեցած ձերբակալութիւնը կատարուած է կազմակերպուած դաւադրութեան մը հետեւանքով:
http://www.yerakouyn.com/?p=141719
Leave a Reply