Հայ Դատի խորհրդաժողովին քննարկուեցան պահանջատիրութեան առնչուող շարք մը հարցեր

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 6-7ին, Փասատինայի «Convention Center»ին մէջ, ի մի բերելով քաղաքականութեան, իրաւագիտութեան, արուեստներու եւ լրատուամիջոցներու մարզերէն մասնագէտներ, որոնք քննարկեցին Հայ Դատին ու պահանջատիրութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Խորհրդաժողովի առաջին օրը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութնենէ մինչեւ մեր օրերը երկարող հակահայ սպանդները եւ զանոնք ուրանալու թրքական ու ատրպէյճանական փորձերը հետաքրքրականօրէն իրարու կապող «Ուրացման Ճարտարապետները» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութեան։ Երեկոյին բացումը կատարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։

Շաբաթ օր տեղի ունեցան հինգ քննարկումներ, որոնցմէ առաջինը նուիրուած էր Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարին եւ յատկապէս անոր մէջ մեր ժողովուրդին ունեցած դերակատարութեան։ Քննարկումին մասնակցեցան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետներ Նորա Յովսէփեան եւ Ստեփան Մեսրոպեան։

Յովսէփեան խօսեցաւ Հայկական Հարցի գլխաւոր չորս ճիւղերուն մասին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցումներու ապահովում, Արտաքին օժանդակութեան ապահովում՝ Հայաստանի ժողովրդավարացաման եւ տնտեսական բարգաւաճման ի նպաստ, Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման եւ անկախութեան պայքարին աջակցութիւն, եւ Սփիւռքի համայնքներու հզօրացում։

Իր կարգին, Համբարեան կեդրոնացաւ Հայ Դատի պայքարին համար կենսական հանդիսացող «կամաւորներու բանակ»ին տարած յոյժ կարեւոր աշխատանքին վրայ։ Ան կարեւոր համարեց նաեւ Հայ Դատի նուիրատուներուն ներդրումը, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Դատի վարժողական ծրագիրները, որոնք կ՛երաշխաւորեն Հայ Դատի պայքարին շարունակականութիւնը։

Վերջապէս, Մեսրոպեան խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանին մէջ յոյներու, ասորիներու եւ քաղդէացիներու հետ վերջերս սերտացած համագործակցութեան մասին, որուն շնորհիւ աւելի ազդու կը դառնան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ քայլերը։

Ապա, խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ իրաւաբան Նորա Տէմիրճեան ներկայացուց «Անդրազգային արդարութիւն. Դէպի հատուցումներ» խորագրուած Բ. քննարկումին մասնակիցները եւ սոյն քննարկումը համակարգող իրաւաբան Արմէն Յովհաննէսեանը՝ Հայ իրաւաբաններու միութենէն։

Յովհաննէսեան շեշտեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովելը վերջակէտ մը պիտի չըլլայ Հայ Դատի պայքարին, այլ անկէ ետք պէտք է սկսիլ վնասուց հատուցումեր ապահովելու աշխատանքին, որուն համար իրաւագէտներու մասնակցութեան ապահովումը կենսակա՛ն է։

Իր կարգին, Արդարութեան ու մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի գործադիր վարիչ Քէյթ Նահապետեան խօսեցաւ կեդրոնի նպատակներուն եւ ցարդ տարած աշխատանքին մասին՝ կեդրոնանալով յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն հայերէ բռնագրաւուած կալուածներուն առնչուող փաստաթուղթերու արխիւ մը պատրաստելու ջանքին վրայ, որուն նպատակն է ամուր հիմքերու վրայ դնել վնասուց հատուցումներ ապահովելու աշխատանքը։

Նաեւ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Իրաւագիտութեան բաժանմունքին մէջ գործող մարդկային իրաւանց «Խոստումը» հիմնարկի վարիչ Ասլի Պալի արտայայտուեցաւ վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքը իրականացնելու համար տարբեր մօտեցումներու մասին, միաժամանակ աւելցնելով, որ հոն հասնելու համար՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչում ապահովելը եւ ներկայ Ցեղասպանութենէն մեծապէս օգտուած Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները Ցեղասպանութեան պատասխանատու դարձնելու ջանքերը կենսակա՛ն են։

«Խոստումը» հիմնարկի վարիչի օգնական Ճեսիքա Փիք տեղեկութիւններ տուաւ հիմնարկի նպատակներուն եւ ցարդ տարած աշխատանքին մասին՝ շեշտելով, որ անոր գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ մարդկային իրաւանց մարզի ապագայ ղեկավարներ պատրաստելը։

 

Հայ Դատի քաղաքական գործունէութեան նուիրուած յաջորդ քննարկումին համար, խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ իրաւաբան Այգ Տիքիճեան բեմ հրաւիրեց նիստը համադրող Չարլի Մահտեսեանը, որ հեղինակաւոր «Փոլիթիքօ»ի աւագ քաղաքական խմբագիրներէն մէկն է։ Քննարկումին մասնակցեցան Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս եւ Հետախուզական հարցերու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էտըմ Շիֆ։ Քննարկումի նիւթ դարձան ամերիկացի խաղաղ ցուցարարներու վրայ Էրտողանի թիկնապահներուն առաջնորդած Մայիս 16ին յարձակումին հակադարձելու համար որդեգրուած քայլերը, Արցախի ամբողջական ականազերծումը ապահովելու համար ամերիկեան նիւթական աջակցութիւն երաշխաւորելու ջանքերը եւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ առեւտուրը զարգացնելու համար տարուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ, որ հայկական դիրքերու վրայ ատրպէյճանական յարձակումները խստօրէն չդատապարտելու ամերիկեան կեցուածքը սկսած է քաջալերելու Պաքուն, որ շարունակէ յարձակումները եւ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները։ Քոնկրեսականները նաեւ յայտարարեցին, թէ նեցուկ կը կանգնին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին եւ Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան (STEM) դասաւանդման համար՝ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկէն յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերուն։

Այնուհետեւ, խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Նիրի Թոկնոզի Ափիկ ներկայացուց «Ֆիլմ եւ արուեստներ. Մեծ պաստառի ուժը» խորագրուած քննարկումին մասնակիցները՝ «Ուրացման Ճարտարապետները» ֆիլմի գործադիր արտադրող Մանթել Ուիլեըմզն ու ֆիլմի բեմագիր Ռապըրթ Քորսինին, ինչպէս նաեւ սոյն քննարկումը համադրող եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանը։

Համբարեան շեշտեց նման ծրագիրներու կարեւորութինը՝ նշելով. «Փոփոխութիւնները Ուաշինկթըն կու գան. Ուաշինկթընէն փոփոխութիւններ չեն գար»։ Իր կարգին, Ուիլեըմզ կեդրոնացաւ ոճիրներու ուրացման ունեցած բացասական հետեւանքներուն վրայ՝ շեշտելով, այնքան ատեն որ ցեղասպանութիւն մը կ՛ուրացուի, ցեղասպանութիւններու առաջքը կարելի պիտի չըլլայ առնել։ Քորսինի կեդրոնացաւ այս ֆիլմի արտադրութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ, յատկապէս ակնարկելով Սիպիլ Էտ-մընտզի, Ժիւլիէն Ասանժի եւ Ապտուլլահ Տեմիրպաշի հետ հարցազրոյցներ ապահովելու ջանքերուն։

Վերջին նիստը՝ «Քաջութեան օրինակ» խորագրուած, նուիրուած էր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանին։ Փայլանի հետ զրոյցը առաջնորդողն էր «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան, որ նաեւ խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն էր։ Քննարկումի մասնակիցները ներկայացուց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ճոզէֆ Քասքանեան։ Փայլան իր ներկայացումը սկսաւ ըսելով. «Նման մութ ձմեռներու ընթացքին հարկաւոր են վիպական քաղաքական գործիչներ»՝ աւելցնելով, որ տարի մը առաջ Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան ընթացքին աւելի լաւատես էր, սակայն այդ լաւատեսութիւնը սկսած է նուազելու յատկապէս Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմացողներու եւ այլախոհներու բանտարկութեան, լրատուամիջոցներու եւ փոքրամասնութեանց դէմ հալածանքի սաստկացման եւ Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց նման ոտնակոխումներու հանդէպ միջազգային անբաւարար դատապարտումին պատճառներով։

«Արեւմտեան ուժերէն եւ Թրամփի վարչակարգէն ոչ մէկ յատկանշական քննադատութիւն կայ ազգայնամոլներու այս համախմբումի հասցէին։ Մեր նախագահը (Էրտողան) պատեհապաշտ ղեկավար մըն է, որ կը շահագործէ աշխարհին այս լռութիւնը», ըսաւ Փայլան, ապա յայտնեց, թէ Թուրքիոյ մէջ շատ թուրքեր եւ քիւրտեր եւս իրենց ձայնը միացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին, սակայն այս փորձերը ցարդ ապարդիւն են՝ ազգայնամոլ ու ամէն քայլափոխի ժողովրդավարութեան վնաս հասցնող Թուրքիոյ կառավարութեան ցուցաբերած կեցուածքին պատճառով։

Քննարկումներուն իւրաքանչիւր մասնակցող ներկայացումներուն աւարտին ստացաւ շրջանակուած իր լուսանկարը, որ նուէրն էր Սերոբ եւ Արշօ Պէյլերեաններուն։

Խորհրդաժողովի հովանաւորներն էին «Քլոզեթ Ուորլտ»ի սեփականատէրեր՝ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, որոնք նաեւ գլխաւոր հովանաւորներէն էին Հոկտեմբեր 8ին կայացած Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ