Սլաք. Էրտողանական դասեր եւ սկզբունքներ նաեւ Անգարայի եւ Պաքուի համար

Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, որ քրտական Քերքուք նահանգին տիրանալու համար Իրաքի քրտական ինքնավարութիւնը որեւէ իրաւունք չունի: Քիւրտերը պէտք է մնան այնտեղ, ուր կը գործէ հիւսիսային Իրաքի վարչակազմը:

Էրտողանի այս յայտարարութիւնը փաստօրէն հարազատ դրսեւորումն է պաշտօնական Անգարայի` Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին ուղղութեամբ կիրարկած քաղաքականութեան: Քրտական ինքնավար մարզին հետ որեւէ խնդիր չունէր Անգարան. նոյնիսկ սերտ յարաբերութիւններ զարգացած էին Էրպիլի եւ Անգարայի միջեւ, յատկապէս առեւտրային եւ տնտեսական առումներով:

Քերքուքի իրաքեան ուժերու կողմէ վերահսկումը յայտնաբար հանգստացուցած է Անգարայի վարիչները: Չմոռնանք, որ անյտեղ կայ նաեւ թիւրքմէնական գործօնը, որ Անգարայի համար ազդեցութեան գօտիներու պարարտ ենթահող կը համարուի:

Գետնի վրայ արձանագրուող ռազմական իրադարձութիւններուն հետեւելիք վերլուծաբանութիւնը պահ մը շրջանցելով, կեդրոնանանք այս պարագային Էրտողանի հռետորաբանութեան մէջ օգտագործուած բառապաշարին վրայ:

«Պատմութիւն», «բռնութիւն», «արիւնահեղութիւն», «պատմութիւն չիմացողներ», «տգէտներ»: Այս բառերուն օգտագործումով Էրտողան կ՛ամբաստանէ քիւրտերը Քերքուքի բնակչութեան դէմ բռնութիւն կիրարկելու, արիւնահեղութիւն պատճառելու, այլ ժողովուրդի տարածքներուն նկատմամբ նուաճողական քաղաքականութիւն որդեգրած ըլլալու եւ պատմութիւն չիմանալու համար:

Քաղաքական գործընթացներու մէջ ինքնահակասումը, տրամագծօրէն հակոտնեայ դիրքորոշումի կտրուկ անցումը, յայտարարուած վարքագիծերու բոլորովին հակառակ ուղղութեամբ գործելը եւ բարեկամէ թշնամի ոստոստելները օրինաչափ կը նկատուին:

Այս պարագան սակայն հետաքրքրական է այլ իրողութեամբ. այն բոլոր իրականութիւնները, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ` բռնութեամբ եւ արիւնահեղութեամբ կայսրութիւն հիմնելու, սեփական պատմութեան հետ հաշուի չնստելու եւ այլ ժողովուրդներու պատմական հայրենիքները բռնագրաւած պահելու, կը վերադարձուին այս պարագային քիւրտերուն, որեւէ այլ պահու նաեւ այլ ժողովուրդներու:

Քաղաքագիտութեան եւ պատմութեան դասը, որ Էրտողան կու տայ ո՛չ միայն քիւրտերուն, այլ նաեւ պատմութիւն չիմացող տգէտներուն տեսականօրէն պէտք է ընդունիլ իբրեւ բոլոր պարագաներուն եւ բոլոր պետութիւններուն կողմէ կիրարկելի անհրաժեշտութիւն:

Այս սկզբունքները, օրինակ գերազանցապէս ընկալելի կ՛ըլլան ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ Ազրպէյճանին, որ այլ ժողովուրդի պատկանած տարածքին ուղղութեամբ որդեգրած էր բռնութեամբ եւ արիւնահեղութեամբ յատկանշուող քաղաքականութիւն, որ մինչ այժմ չ՛ուզեր հաշուի նստիլ պատմութեան հետ:

Էրտողանի օգտագործած բառապաշարն ու պատմաքաղաքական սկզբունքները օգտակար են. յատկապէս Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարքագիծերը պարզաբանելու համար:

ԽՄԲ.

http://www.aztagdaily.com/archives/368778

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ