Մերսինի մէջ ոստիկաններ փոխադրող կառք մը` պայթումի թիրախ

18 հոգի վիրաւորուեցան երէկ Մերսինի մէջ, երբ ոստիկաններ փոխադրող կառք մը պայթումի ենթարկուեցաւ: Վիրաւորներուն մեծ մասը ոստիկաններ են:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, պայթումը պատահած է, երբ փոխադրակառքը կ՛անցնէր Մերսինի մայր պողոտայէ մը:

Փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ յայտնեց, թէ ոստիկաններու կողքին վիրաւորուած է նաեւ քաղաքային մը: Ան ահաբեկչական որակեց դէպքը:

Ըստ լրատու նշեալ աղբիւրին, յարձակման հեղինակ կը նկատուի Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը, «որ նախապէս ալ նման արարքներ կատարած է»:

Դէպքին շուրջ հետաքննութիւն բացուած է:

http://www.aztagdaily.com/archives/368634

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ