Հմայքի աղբիւրը

Աբօ Պողիկեան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան անվիճելիօրէն տիրացած է համայն հայութեան համակրանքին, սիրոյն ու յարգանքին:

Կը բաւէ, որ այս քաղաքական գործիչը մուտք գործէ որեւէ սրահ, ուր հաւաքուած են հայեր, եւ տեսէ՛ք, թէ ինչպիսի՛ խանդավառութեամբ, բուռն ու յոտնկայս ծափողջիւններով, յուզումով կը դիմաւորուի ան եւ մակնիսական անօրինակ ուժով դէպի իրեն կը քաշէ բոլորը:

Համացանցի վրայ երբ որեւէ լուր զետեղենք՝ ի՛ր նկարով, այդ կայքէջը անմիջապէս հազարաւոր այցելուներ կ՛ունենայ:

Փայլանի այս հմայքին աղբիւրը, առաջին հերթին, կրնայ ըլլալ այն, որ ան ամէն օր պէտք է դիմագրաւէ իր գաղափարներուն, իր վարքագիծին ու իր էութեան հակադրուած եւ նոյնիսկ թշնամակա՛ն միջավայր մը, այնպիսի՛ մարդիկ, որոնց հանդէպ իր հանդուրժողութիւնը, հաւանաբար, իրեն դէմ սանձուած ատելութիւնը զինաթափող միա՛կ ազդակն է:

Հմայքի աղբիւր է իր կեցուածքը, իր թաքնուած ուժը, իր նկարագիրի ամրութիւնը: Զինք բնութագրելու ատեն կրնանք շատ դիւրութեամբ զգացական զեղումներու թակարդին մէջ իյնալ. բայց եւ այնպէս, իր կողքին կանգնած ըլլալու երջանկութիւնը վայելողները դիտելով՝ անոնց հայեացքներուն մէջ կը տեսնենք սիրով թակարդուելու տրամադրութիւնը:

Արժանապատուօրէն ու խիզախօրէն մարդկային իրաւունքներ պաշտպանող, անցեալի թէ ներկայի անարդարութիւններուն դէմ վճռական ընդդիմութիւն ցոյց տուող այս քաղաքական գործիչը չի՞ վախնար իր կեանքին վրայ: Այս մտավախութիւնը ինք մերժա՛ծ է, նսեմացուցա՛ծ է՝ աւելի եւս մտահոգութիւն յառաջացնելով իր բարեկեցութեամբ շահագրգռուած բազմութեան մօտ, աշխարհի չորս ծագերուն: Քա՞ջ է, թէ՞ միամիտ: Անշո՛ւշտ, որ առաջինն է:

Կանա՛չ ճանապարհ՝ այս հրաշալի մարդուն:

http://www.yerakouyn.com/?p=141000

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ