Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը դէմ պիտի արտայայտուի Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ազգային պատուիրակութիւններու իրաւունքները սահմանափակելու փորձերուն:
«Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրաման:
«Մենք դէմ ենք այսպէս թէ այնպէս ԵԽԽՎ-ի մէջ երկիրներու ներկայացուցիչներու ձայնի իրաւունքի սահմանափակման: Մեր խորհրդարանականները եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները սերտ կապերու մէջ կը գտնուին: Մենք պիտի համաձայնեցնենք մեր ջանքերը ազգային եւ միջազգային օրակարգի հարցերով», ըսած է ան:
http://www.aztagdaily.com/archives/368307
Leave a Reply