Ամերիկեան հիւպատոսարանի աշխատակիցներու եւ քաղաքացիներու ձերբակալման հարցով. Թիլըրսըն Անգարայէն ապացոյցներ պահանջած է

Միացեալ ահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին խոր մտահոգութիւն յայտնած է Պոլսոյ մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանի աշխատակիցներու եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու ձերբակալման առնչութեամբ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ:

Ըստ անոր, «Թիլըրսըն ընդգծած է այն անհրաժեշտութիւնը, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անոնց ներկայացուած մեղադրանքներուն ապացոյցները տրամադրէ»:

Կողմերը համաձայնած են շարունակել հաղորդակցութիւնները տուեալ կացութեան շուրջ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ զինուորական յարաբերութիւնները չեն ազդուած երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դիւանագիտական լարուածութենէն, եւ ինք պիտի շարունակէ թուրք զինուորականներու հետ սերտ գործակցութիւնը:

«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործընկերն է, եւ միասնաբար, զինուորականներ զինուորականներու հետ լաւ աշխատանք կը տանինք` մնալու դաշնակից ընդդէմ հասարակաց մեր թշնամիին», ըսաւ ան:

Պատասխանելով թուրք-ամերիկեան դիւանագիտական խնդիրներուն ապագայ գործողութիւններու վրայ ունենալիք ազդեցութեան մասին հարցումի մը` Մաթիս ըսաւ, որ չ՛ուզեր դէպքերու զարգացման վերաբերեալ ենթադրութիւն կատարել` նշելով, որ նախապէս ծագած լարուածութիւնները չեն վնասած երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական յարաբերութիւններուն:

Միւս կողմէ, թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պաս Թուրքիոյ մէջ իր առաքելութեան աւարտին առիթով խօսք մը արտասանելով թրքական իշխանութիւններուն յիշեցուցած է, որ Թուրքիան տարբեր բնագաւառներու մէջ թուրք-ամերիկեան համագործակցութենէն շատ բան շահած է:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, դիմելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, յայտնած է, թէ Թուրքիոյ տարածքին ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումներու դադրեցման համար թրքական կողմը պարտական է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բնագաւառին մէջ Միացեալ Նահանգներուն հետ լայն համագործակցութեան:

«9,5 ամիս Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական յարձակում տեղի չունեցաւ: Ատոր պատճառը այն չէ, որ ՏԱՀԵՇ-ը հրաժարած է ձեր դէմ գործելէ: Ատիկա եւս Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հակաահաբեկչական ծրագիրներուն մէջ միացեալ աշխատանքի արդիւնքն է», ըսած է Պաս:

Նշենք, որ Պաս Թուրքիայէն կը մեկնի Աֆղանիստան:

http://www.aztagdaily.com/archives/367988

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ