Կիրօ Մանոյեան. «Մեր ցանկութիւնն է, որ Թուրքիոյ կողմէ որեւէ քայլ չկատարուի»

Հայթուրքական արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք հայթրքական յարաբերութիւններու մթնոլորտը շատ աւելի վատ է, քան անոնցմէ առաջ: Այս մասին 10 հոկտեմբերին «Մետիա կեդրոն»-ին մէջ «Հայթրքական յարաբերութիւնները արձանագրութիւններու ստորագրումէն  առաջ եւ ետք» նիւթով քննարկման ժամանակ նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի` ՄԱԿ-ի ամպիոնէն կատարած յայտարարութեան, որ մինչեւ  2018 գարուն արձանագրութիւններու կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններուն մէջ Հայաստանը այդ երկու արձանագրութիւնները պիտի յայտարարէ առ ոչինչ, Մանոյեան նշեց. «Դաշնակցութեան ցանկութիւնն է, որ Թուրքիան ոչ մէկ քայլ ալ չկատարէ, քանի որ Թուրքիան յառաջ  քաշած է առնուազն 2 նախապայման, իսկ Ղարաբաղի հարցով յառաջ մղած նախապայմանը դրած էր արձանագրութիւններէն առաջ, հակառակ անոր որ անիկա տեղ չգտաւ փաստաթուղթին մէջ: Թուրքիան կ՛ուզէր, որ այս ամբողջ հոլովոյթը կապուի Արցախի հետ»:

Մանոյեանի հաստատումով, նոյնիսկ արձանագրութիւններու  ստորագրումէն 1 տարի ետք, նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) համագումարին յայտարարեց, որ մենք այն չենք, ինչ էինք մէկ տարի առաջ, սակայն Թուրքիան ցոյց տուաւ, որ պատրաստ չէ առանց նախապայմաններու  յարաբերութիւններու հաստատման:

Կիրօ Մանոյեանի կարծիքով, այժմ Արեւմուտքի կեցուածքին մէջ եւս կայ փոփոխութիւն:

Կիրօ Մանոյեան կարծիք յայտնեց, որ Հայաստանը պէտք է նախագիծ մը  դնէ սեղանին, ուր պէտք է նշուի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու մասին եւ հայ-թրքական ճամբան, ոչ թէ սահմանը բանալու շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուի, իսկ Հայաստանը եւ Թուրքիան իրենց միջեւ խնդիրները պէտք է լուծեն միջազգային իրաւունքի եւ փորձի  հիման վրայ:

Իր խօսքի աւարտին Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ նախապայմաններու յառաջ մղումը պատրուակ է, քանի որ Թուրքիոյ քաղաքական մտածողութեան մէջ անկախ Հայաստան չկայ, իսկ ղարաբաղեան հարցը լծակ է Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

http://www.aztagdaily.com/archives/367674

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ