Թուրքիա բողոքագիր յղած է Ֆրանսային՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման հարցով

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Նոր Յառաջ» թերթը կը գրէ, թէ Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը դիւանագիտական բողոքագիր մը յանձնած է Ֆրանսայի կրթութեան ու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն։

Բողոքագիրին մէջ գանգատ կը ներկայացուի այն բանին համար, որ Ֆրանսայի երկրորդական վարժարաններու դասագիրքերուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է «1915ի դէպքեր»ուն, որոնք Ֆրանսայի կողմէ ընդունուած են իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն։

Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու, քննադատելով խնդրոյ առարկայ դասագիրքերուն մէջ Ցեղասպանութեան նիւթի ընտրութիւնը, ըսած է, որ այդ մասին պնդումները հիմնուած են «կեղծ փաստաթուղթեր»ու վրայ, փոխանակ անկողմնակալ տուեալներու վրայ հիմնուելու։ Նշենք, որ 2015ին տրուած որոշումով մը, Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան նիւթը կը դասաւանդուի Համաշխարհային Ա. պատերազմին վերաբերող դասանիւթին մէջ: Օրին, Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութիւնը յաջողութեամբ դիմակայած էր այն ճնշումներուն, որոնք ի գործ դրուեցան Անգարայի եւ անոր նեցուկ կանգնողներու կողմէ:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ