2017 թուականի 9 ամիսներու ընթացքին Վանի Աղթամար կղզի այցելած է 109 հազար զբօսաշրջիկ: Այս մասին տեղեկացնող թրքական «Cumhuriyet» թերթի փոխանցմամբ` 2017 թուականի յունուար–սեպտեմբեր ամսիներուն կղզի այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը նախորդ տարուան համեմատ աճած է 25.5 տոկոսով: 2016 թուականին Աղթամար այցելած էր 82 հազար զբօսաշրջիկ:
Վանի մէջ զբօսաշրջային աշխոյժ շրջան կը համարուին ամրան ամիսները, երբ հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն կղզի:
Ըստ թերթի` պատմական հայկական եկեղեցիով նշանաւոր դարձած կղզի այցելող զբօսաշրջիկներու մեծամասնութիւնը իրանցիներ են:
Յիշեցնենք, որ Աղթամար կղզիին վրայ կը գտնուի 10-րդ դարու Գագիկ Արծրունի թագաւորի կողմէ կառուցուած Սուրբ Խաչ եկեղեցին: Անիկա յայտնի է իր որմնանկարներով եւ զարդաքանդակներով:
Թրքական իշխանութիւնները 2007-ին վերանորոգած են եկեղեցին, որ կը գործէ իբրեւ թանգարան: Կրօնական ծիսակատարութիւն կը թոյլատրուի կատարել տարին մէկ անգամ` Սեպտեմբերին` Խաչվերացի տօնին յաջորդող կամ նախորդող Կիրակին: Սակայն վերջին երկու տարուան ընթացքին քիւրտերու եւ թրքական ուժայիններու միջեւ բախումներու հետեւանքով եկեղեցիին մէջ պատարագ չէ մատուցուած:
http://www.yerakouyn.com/?p=140574
Leave a Reply