ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան կայացուցած որոշումին առնչութեամբ թրքական լրատուական դաշտը (բացի քրտամէտ մամուլէն) շատ բիրտ եւ կոշտ բանաձեւումներով հանդէս եկաւ հանրութեան:
25 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէն, որուն մասնակիցները` «Կ’ուզէ՞ք, որ Քիւրտիստանի մարզը եւ մարզին վարչական տարածքէն դուրս եղող քրտական շրջանները անկախ պետութիւն դառնան» հարցումին «Այո՛» կամ «Ո՛չ» պիտի պատասխանէին: Հետեւաբար հանրաքուէի աւարտին քիւրտերը մարզի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ արդէն տօնեցին «Այո՛»-ի յաղթանակը:
Արդարեւ, վերոնշեալ հարցը ինքնաբերաբար թրքական օրաթերթերու առաջին էջերու վերնագիր դարձաւ: Բոլոր թերթերն ալ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէի իրականացումը դատապարտեցին, ուրիշներ ալ ատելութեան թիրախ դարձուցին, սակայն քրտամէտ թերթերու տեսակէտը այլ էր:
Թրքական թերթերու յատկապէս 26 սեպտեմբերի առաջին էջերը ընդհանրապէս իբրեւ վերնագիր մեծաւ մասամբ տեղ տուած էին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ելոյթէն քիւրտերու ուղղուած կարեւոր մէկ արտայայտութեան: Էրտողան թրքական բանակի «Եփրատի վահան» գործողութիւնը յիշեցնելով` հետեւեալ ակնարկութիւնը ըրած էր. «Գիշեր մը անակնկալօրէն կրնանք մուտք գործել»:
– «Հիւրրիյէթ» առաջին էջին վրայ իբրեւ խորագիր ընտրած է Էրտողանի «Գիշեր մը անակնկալօրէն կրնանք մուտք գործել» խօսքը: Նշուած խորագրին կողքին, կը տեսնենք նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի` «Քաղաքացիները հանգիստ թող ըլլան, պատերազմի մէջ չենք մտներ» խօսքը: Ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի` «Թուրքիա, Իրաք եւ Իրան կրնան լուծել» խօսքը եւ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի` «Պարզանի կրակի հետ կը խաղայ» արտայայտութիւնը:
– «Սապահ»-ի առաջին էջին վրայ տեղ կը գրաւէ Պինալի Եըլտըրըմի` «Հանրաքուէն տաք հակամարտութեան ենթահող պատրաստեց» արտայայտութիւնը, ինչպէս նաեւ` Էրտողանի վերը նշուած խօսքը:
– «Ագշամ» օրաթերթը կ’օգտագործէ` «Քուէները կրակի նետուեցան» վերնագիրը, ինչպէս նաեւ Էրտողանի` «Գիշեր մը անակնկալօրէն կրնանք մուտք գործել» արտայայտութիւնը:
– «Հապէր Թուրք» իր առաջին էջին վրայ տպած է Էրտողանի կոշտ արտայայտութիւնը` Պարզանիի ուղղուած, որ կ’ըսէ` «Կափոյրը մեր մօտ է»: Էջին վրայ, նոյնպէս Էրտողանին պատկանող, կը տեսնենք այլ վերնագիր մը, որ Պարզանիի ուղղուած կ’ըսէ. «Կափոյրը եթէ փակենք, դուն վառելանիւթը որո՞ւ պիտի վաճառես»:
– «Միլլիյէթ» առաջին էջին վրայ Էրտողանի հետեւեալ խօսքը` «Գիշեր մը անակնկալօրէն կրնանք մուտք գործել» վերնագիր տպած է: Անկէ զատ, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի` «Պատերազմի չենք մտներ, այլ միջոցներ կը ձեռնարկենք»` արտայայտութիւնը տեղ գտած է:
– «Թիւրքիէ» թերթը առաջին էջին վրայ տպած է` «Քուէատուփէն մեծ քաոս ելաւ»:
– «Տիւնիա» թերթը հետեւեալ վերնագիրով հանդէս եկած է` «Խապուրի մուտքը փակուեցաւ, կափոյրն ալ կը փակենք»:
– «Սթար»-ի առաջին էջը ամէնէն քննարկուողն է. այստեղ Էրտողանի ամէնէն խիստ, կոպիտ եւ ծանր մեկնաբանութիւնները վերնագրուած են: Միւս կողմէ, Պարզանիի ակնարկուած` «Հիւսիսային Իրաքը կրակը նետեց» խորագիրը կը տեսնենք, ինչպէս նաեւ Էրտողանի` «Մղձաւանջ պիտի ըլլայ ձեր երազը» խօսքը:
– «Փոսթա»-ի առաջին էջին վրայ տեղ կը գրաւէ` «Ընտրութիւնը կատարեց» վերնագիրը, ինչպէս նաեւ նախագահ Էրտողանի` «Իրարանցումը սկսաւ» արտայայտութիւնը:
– «Աքիթ» թերթը առաջին էջի վրայ գրեց, որ` «Էրտողան յստակ խօսեցաւ. ոչ մէկ զիջում», իսկ իբրեւ վերնագիր ընտրեց Էրտողանի հետեւեալ արտայայտութիւնը` «Կափոյրը եթէ փակուի, Պարզանի կը վերջանայ»:
– «Թաքուիմ» օրաթերթը կ’օգտագործէ Էրտողանի` «Գիշեր մը անակնկալօրէն կրնանք մուտք գործել» վերնագիրը:
– «Ենի Պիրլիք» թերթը իբրեւ վերնագիր ընտրած է Էրտողանի ելոյթէն հետեւեալ խօսքը` «Առանց դատողութեան համաձայն չենք եւ ապօրինի կը յայտարարենք» վերնագիրը: Այլ վերնագիր մը աչքի կը զարնէ` «Իրան Պարզանիին դիմաց փակեց սահմանի դռները». անոր տակ կը տեսնենք Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի` «Թուրքիա, Իրաք եւ Իրան համատեղ լուծումներ պէտք է գտնեն» ելոյթէն կարծիք մը: Անմիջապէս անոր կից հրատարակուած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի` «Հանրաքուէն տարածաշրջանին համար ժամանակի մը խաւարին լրաբերն է» տեսակէտը:
Վերոնշեալ վերնագիրները Թուրքիոյ նախագահի, վարչապետի եւ կուսակցապետներու ելոյթներու, զրոյցներու եւ ճառերու ընդմէջէն տրուած խորագիրներն են:
Այստեղ քիւրտերու հարցի նկատմամբ զուգահեռներ գծելու համար յիշեցման կարգով կը մէջբերենք թուրանապաշտութեամբ հռչակաւոր, պատմաբան, ազգայնապաշտ հրապարակագիր Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզի 20-րդ դարու 70-ականներուն լոյս ընծայած յօդուածէն հատուած մը: Աթսըզի յօդուածները հետագային ամփոփուած են «Յօդուածներ» վերնագիրով երեք հատորներու մէջ: Այնուհետեւ, «Յօդուածներ» երրորդ հատորէն (Atsiz, Makaleler III, Istanbul, 1992, s. 382)` բաժին մը, ուր կը կարդանք անոր ցեղապաշտական կեցուածքներուն մասին` հայ, յոյն եւ քիւրտ ժողովուրդներուն նկատմամբ: Աթսըզ քրտական հարցէն մեկնելով` գրած է հետեւեալը. «Եթէ քիւրտերը իրենց խելքը գլուխնին չհաւաքեն, եթէ շարունակեն խաղալիք դառնալ օտար ուժերու, եւ եթէ շարունակեն վազել քրտական պետութիւն մը հիմնելու երազին ետեւէն, այն ատեն անոնց ճակատագիրը պիտի ըլլայ արմատէն բնաջնջուիլ երկրագունդի վրայէն: Թուրք ցեղը 1915-ին հայերը, 1922-ին ալ յոյները այս երկրէն ոչնչացնելով` ցոյց տուած է, թէ ինչե՜ր կրնայ ընել բոլոր անոնց, որոնք աչք կը տնկեն գետի նման արիւն հոսեցնելու գնով շահուած այս հողերուն»:
Այսպիսով, երեւան կու գան անցեալի ու ներկայի թուրք ղեկավարներու տեսակէտները` քիւրտերու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ անոնց ցեղապաշտ եւ թուրանապաշտ քաղաքականութիւնը` ոչ թուրք ժողովուրդներու դէմ ընդհանրապէս իրագործուած:
http://www.aztagdaily.com/archives/366950
Leave a Reply