Թուրքիա Արցախ չայցելելո՛ւ կոչ կ՛ընէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հոկտեմբեր 4ին դարձեալ կոչ ըրած է երկրի քաղաքացիներուն, որ Արցախ չայցելեն. այս մասին կը տեղեկացնէ «Էրմենիհապեր» կայքը:

«Առանց Ատրպէյճանի իշխանութիւններու արտօնութեան՝ գրաւեալ տարածքներ այցելութիւնը ոչ միայն կը հակասէ միջազգային իրաւունքին, այլեւ կ՛առաջնորդէ շարք մը պատժամիջոցներու՝ համաձայն ատրպէյճանական օրէնքներուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Նախարարութիւնը նաեւ յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ այն քաղաքացիները, որոնք ապօրինի կերպով կ՛այցելեն Արցախ, հիւպատոսական աջակցութիւն պիտի չվայելեն։

Յիշեցնենք, որ այս գծով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր առաջին յայտարարութիւնը տարածած էր անցած Սեպտեմբեր 29ին՝ հակադարձելով չորս թուրք գործիչներու եւ մտաւորականներու Արցախ այցելութեան եւ շեշտելով, որ անոնք այդ այցը իրականացուցած են առանց պետական մարմիններու հետ խորհրդակցելու:

Ըստ սովորութեան՝ Պաքու Արցախ այցելած թուրքերը ձերբակալելու համար դիմած էր Թուրքիոյ համապատասխան կառոյցներուն: Թուրք գործիչները, «Արեւմտահայոց ազգային համագումար» միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութեան համանախագահ Արագած Ախոյեանի նախաձեռնութեամբ՝ Սեպտեմբեր 22ին այցելած էին Արցախ եւ Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած էին մամլոյ ասուլիսի մը:

Asbarez.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ