Անգարայի մէջ. Փութին եւ Էրտողան կ՛ընդգծեն Սուրիոյ եւ Իրաքի հողային ամբողջականութիւնը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ ընդունեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

Փութին, որ պաշտօնական այցելութեամբ երէկ հասած էր Թուրքիա, Էրտողանի հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փութին եւ Էրտողան ընդգծեցին Սուրիոյ եւ Իրաքի հողային ամբողջականութիւնը:

Էրտողան յայտնեց, որ Փութինի հետ քննարկած է Իրաքի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները` շեշտելով, որ հիւսիսային Իրաքի ինքնավար մարզը մեծ սխալ մը գործած է հանրաքուէ կատարելով:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` Էրտողան շեշտեց, որ իր մտերիմ բարեկամին` Փութինի հետ քննարկած է Իտլիպի եւ այլ շրջաններու մէջ զինադադար հաստատելու կարելիութիւնը: Էրտողան հաստատեց, որ ինք եւ Փութին համաձայնած են սերտ գործակցութեան ընդմէջէն Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովել:

Էրտողան յայտնեց, որ Փութինի հետ հանդիպումը եղած է արդիւնաւէտ` աւելցնելով, որ Թուրքիա դարձեալ պիտի հրաւիրէ Փութինը, անոր հետ քննարկելու փոխադարձ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Իր կարգին, Փութին յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտած են Ասթանայի համաձայնագիրին իրենց կառչածութիւնը` Սուրիոյ պատերազմը մեղմացնելու չորս շրջաններ ստեղծելու, յատկապէս Իտլիպի բախումները մեղմացնելու առումով:

Փութին յայտնեց, որ քննարկած են նաեւ Սուրիոյ տագնապին լուծման առումով յառաջիկային իրենց առնելիք քայլերը:

«Կը ստեղծենք պայմաններ` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին յարմար պայմաններ ստեղծելու եւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ Ժընեւի մէջ քաղաքական լուծման յանգելու համար», ըսաւ Փութին:

Իրաքի թղթածրարին անդրադառնալով` Փութին ըսաւ, որ Էրտողանի հետ քննարկած է հանրաքուէի հարցը` շեշտելով, որ այդ մասին Մոսկուայի կեցուածքը ծանօթ է բոլորին եւ յայտարարուած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

Մինչ Ռուսիոյ նախագահութեան բանբեր Տմիթրի Փեսքով կը յայտարարէր, թէ Փութին-Էրտողան հանդիպումը շրջանային ապահովութիւնը կայունացնելու գործնական նպատակներ կը հետապնդէ, Սուրիական ազատ բանակի իրաւական խորհրդատուն, որ միաժամանակ սուրիական ընդդիմութեան զինեալ թեւի բանբերն է, «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Յատուկ աղբիւրներու համաձայն, նախագահներ Փութին եւ Էրտողան յանգած են հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հինգշաբթի կէս գիշերէն սկսեալ զինադադար յայտարարելու որոշումին»:

http://www.aztagdaily.com/archives/366139

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ