Թուրքիոյ հայ համայնքին մէջ հարցախոյզ պիտի իրականացուի

Թուրքիոյ հայ համայնքին մէջ պատրիարքական ընտրութիւններու ջատագով «Տեսակէտներու հարթակ»-ը ընտրութիւններէն առաջ համայնքին մէջ հարցախոյզ մը պիտի իրականացնէ:

«Ակօս» շաբաթաթերթը զրուցած է խումբի անդամներուն հետ եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած սպասուող հարցախոյզին մասին:

«Düşünce Platformu»-ը հարցախոյզ կազմակերպելու համար համաձայնած է հետազօտութիւններ իրականացնող KONDA ընկերութեան հետ: Հարցախոյզը պիտի սկսի Սեպտեմբերի կիսուն: «Düşünce Platformu»-ի անդամները յոյս ունին վերջնական  արդիւնքներու մասին հանրութիւնը իրազեկել Հոկտեմբերի վերջը: Կը նախատեսուի հարցախոյզին ներգրաւել համայնքի շուրջ 1000 անդամ:

Հարցման նպատակն է պարզել հայ համայնքի տեսակէտը` պատրիարքի եւ պատրիարքութեան, համայնքի համար կարեւոր հարցերու շուրջ եւ սպասելիքները պատրիարքի թեկնածուներէն ու ապագայ պատրիարքէն: Ըստ «Düşünce Platformu»-ի ներկայացուցիչներուն` այս տեսանկիւնէն հարցախոյզը կարեւոր է ոչ միայն իրենց եւ համայնքին, այլեւ պատրիարքի թեկնածուներուն համար:

Հարցերը դասակարգուած են 4 խումբի մէջ.

  1. Հարցումներ, որոնց նպատակն է տեղեկութիւններ ստանալ տարիքային խումբերու, ընկերային կարգավիճակի եւ այլնի վերաբերեալ:
    Հայկական ինքնութեան եւ հայ համայնքի խնդրիներուն վերաբերեալ հարցումներ:
    3. Համայնքի կեանքին մէջ պատրիարքի եւ պատրիարքարանի դիրքին, գործառոյթներուն մասին մարցումներ:
    4. Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին եւ անկէ ետք զարգացումներուի մասին հարցումներ:

Կը նշուի, որ հարցումներու բաւական լայն շրջանակի շնորհիւ հնարաւոր պիտի ըլլայ պատկերացում կազմել համայնքի ընկերային դրութեան, տարիքային խումբերու, հայերէնի իմացութեան մակարդակի մասին, ինչպէս նաեւ բացայայտել, թէ համայնքին մէջ ինչ կը մտածեն հայ ըլլալու եւ ատոր պահանջներուն, համայնքի կարեւորագոյն խնդիրներուն, ապագայի եւ նմանատիպ հարցերու մասին:

http://www.yerakouyn.com/?p=139176

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ