«Հայաստան ցիւրիխեան արձանագրութիւնները յայտարարելու է առ ոչինչ» հաստատեց նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ` 19 սեպտեմբերին ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանին եւ արտասանեց Հայաստանի պաշտօնական խօսքը, որուն մէջ յատկապէս անդրադարձաւ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած ՀայաստանԹուրքիա արձանագրութիւններուն եւ ըսաւ.

«Մենք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը երբեք նախապայման չենք դարձրել Հայաստանի եւ Թուրքիայի երկկողմ յարաբերութիւնները կանոնակարգելու համար: Աւելի՛ն, հէնց Հայաստանի նախաձեռնած գործընթացի շնորհիւ 2009 թուականի հոկտեմբերին կնքուեցին Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները:

«Այդ փաստաթղթերն առ այսօր չեն վաւերացուել եւ հանգրուանել են պաշտօնական Անգարայի մութ գզրոցներում: Թուրքիայի կառավարութիւնը անհեթեթ նախապայմաններ է առաջ քաշում դրանք վաւերացնելու համար, որոնք բնաւ չեն բխում արձանագրութիւնների տառից եւ ոգուց: Այդ ամէնի հանդէպ հայ ժողովրդի յստակ վերաբերմունքը ես արտայայտեցի երեք տարի առաջ` այս բարձր ամպիոնից:

«Այժմ եկել է լրացուցիչ պարզաբանում տալու ժամանակը: Թուրքիայի ղեկավարութիւնը սխալւում է, եթէ մտածում է, որ ինքը կարող է առյաւէտ պատանդ վերցնել այդ փաստաթղթերը եւ վաւերացնել միայն իրեն յարմար առիթով: Արձանագրութիւնները բանակցուել են ներկայիս պայմաններում` առկայ խնդիրներին լուծում գտնելու համար:

«Դրանց կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններում Հայաստանը այդ երկու արձանագրութիւնները յայտարարելու է առ ոչինչ: Մենք 2018 թուականի գարուն ենք մտնելու առանց այդ, ինչպէս, ցաւօք սրտի, փորձը ցոյց տուեց, սին արձանագրութիւնների:

«Հայաստանը, այնուամենայնիւ, շարունակում է համոզուած լինել, որ իւրաքանչիւր երկու հարեւան պետութիւններ պարտաւոր են հիմնել եւ վայելել կանոնաւոր յարաբերութիւններ` իրենց միջեւ հնարաւոր բոլոր տարաձայնութիւնները քննարկելու եւ դրանց լուծումները գտնելու նպատակով», դիտել տուաւ հանրապետութեան նախագահը:

Ան իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ արցախեան տագնապին լուծման, ազրպէյճանական ռազմատենչ եւ հայատեաց քաղաքականութեան` վերահաստատելով հայկական կողմին այն մօտեցումը, թէ տագնապի լուծումը պէտք է ըլլայ խաղաղ միջոցով:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն` ան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց այն բոլոր երկիրներուն, որոնք ճանչցած են աւելի քան դար մը առաջ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը:

http://www.aztagdaily.com/archives/365052

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ